Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Վէրքերով Եւ… Վեհութեամբ Լի

July 27, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սլաքն ու անոր ետին կանգնող ժամացոյցը մոռացութեան կը մատնեն` մարդ, նիւթ, դէպք, յիշողութիւն: Սակայն կան դէպքեր, անցուդարձեր, պատահարներ, որոնք կառչած կը մնան մարդ էակին յիշողութեան մէջ, այնքան մը որ, այդ միեւնոյն անխնայ սլաքները, որքան յառաջանան, այդքան կը շարունակեն անխախտ մնալ` իր կարգին մոռացութեան մատնուելու վտանգին տակ գտնուող յիշողութիւն կոչեցեալ բնագաւառէն ներս:

Այս իւրայատուկ բացատրութեամբ կարելի է հայորդիին ներկայացնել… ահաւասիկ երեսուն տարի առաջ կատարուած, գրեթէ երէկ պատահած ըլլալու բնոյթը ունեցող Լիզպոնի հերոսական արարքը:

Արա՞րք: Չէ՛, այդպէս կարելի չէ բնութագրել հայութեան ազգային եւ յեղափոխական պատմութեան էջերուն վրայ ոսկեզօծ գիրերով հաւատք, հայրենասիրութիւն, իտէալապաշտութիւն փորագրած, Հայ դատը գերադասած, անձնուիրութիւնը գործնականի եւ անդենականի վերածած, հինգ հայ հերոսներուն նահատակութեան երեսնամեակն է այսօր:

Միեւնոյն ժամանակ թէ՛ բախտաւոր եւ թէ՛ անբախտ էին այս հինգ «վիթխարիներ»-ը:

Այո՛… Անոնք բախտաւոր էին, որովհետեւ կրցած էին իրենց խիզախ, անվախ ու քաջարի արարքով զարթնեցնել ճղճիմ առօրեայով տարուած քնաբեր աշխարհ մը, եւ ամենայն վճռակամութեամբ, ծանօթ դարձուցած էին Հայոց հարցը` իր մէջ պարփակելով Ցեղասպանութեան բարդ թղթածրարը, ճանաչումէն մինչեւ հատուցում:

Անոնք կրցած էին ակն ընդ ական, փշրել այդ շղթան, խորտակել այդ պատը` լռութեան եւ… ամօթի:

Այո՛… Անոնք անբախտ էին, որովհետեւ օտար հողի վրայ, Եւրոպայի հեռաւոր, Ատլանտեանի ափին կատարած էին գերմարդկային արարք մը, որմէ հազիւ հինգ տարի ետք արդէն սկսած էր, իրենց իսկ երազը` Արցախի ազատագրման շարժումը: Էսթորիլի զբօսաշրջական այդ միջավայրէն հեռու, իրենք` այդ հինգ «Խենթեր»-ը մեծ խանդով պիտի ցանկային, արեան ի գին պայքարիլ «Խամսայի մելիքութիւններ»- ու հողաշերտին ազատագրման համար:

Անոնք քաջատեղեակ թող ըլլան, որ թէեւ ֆիզիքապէս ներկայ չէին, սակայն զիրենք ցնցած ռումբին ազդեցութիւնը հասած էր Շուշի եւ Ստեփանակերտ:

Ջահը բարձր պահած էին անոնց հետեւորդները, ինչպէս ցայսօր` խունկն ու մոմն ալ անմար ու յաւիտենական կը մնան…անոնց շիրիմներուն մօտ:

Վէրքերով… եւ վեհութեամբ լի:

Պոսթըն (Մասաչուսեց)

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ասպարէզ». Յաղթանակի Երաշխիքը

Յաջորդը

Զրոյց` Մի՛շտ Երիտասարդ Հինգ Հերոսներուն Հետ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.