Ռէալ Մատրիտի նոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի հաստատեց, որ Սպանիոյ մայրաքաղաքի ակումբը կարիքը չունի նոր խաղցողներու եւ իր խումբը արդէն բաւարար լաւ խաղցողներ ունի:
Ինչ կը վերաբերի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի, ան ըսաւ, թէ Քրիսթիանոն խումբին ամէնէն լաւ եւ կարեւոր խաղցողն է, եւ բոլորը գիտեն, թէ ան իր որակներով կը գերազանցէ միւս բոլոր ֆութպոլիստները:
Շարունակելով իր խօսքը` ան հերքեց այն տեղեկութիւնը, թէ Ռէալ Մատրիտ ընդունած է 37 միլիոն եւրօ արժողութեամբ Կոնզալօ Հիկուենը գնելու Նափոլիի առաջարկը: Ան աւելցուց, որ Հիկուենը ներկայիս Ռէալի խաղցող է, եւ ինք կը ցանկայ անոր մնալը ակումբին հետ:
Յիշեցնենք, որ Հիկուենի ծառայութիւններով հետաքրքրուած է նաեւ անգլիական Արսենալ ակումբը:


