
21 յուլիսին աւարտեցաւ Ֆրանսայի հեծելարշաւի` «Թուր տը Ֆրանս»-ի 21-րդ եւ վերջին հանգրուանը:
Այս հանգրուանին առաջին դիրքը գրաւեց Մարք Քիթթըլ, սակայն ընդհանուր դասաւորման մէջ քենիացի – բրիտանացի Քրիսթոֆըր Ֆրում հանդիսացաւ «Թուր տը Ֆրանս»-ի 100-րդ ախոյեան:
Ան արդէն իսկ 20-րդ հանգրուանէն 5 երկվայրկեանի առաւելութեամբ կը գրաւէր պարագլուխի դիրքը, եւ շատ յստակ դարձած էր, թէ ինք պիտի ըլլար այս տարուան ախոյեանը:
Պէտք է նշել նաեւ, որ առաջին անգամ ըլլալով երկու բրիտանացիներ յաջորդաբար երկու տարիներու վրայ կը տիրանան Ֆրանսայի հեծելարշաւի տիտղոսին (Պրատլի Ուիկինզ` 2012-ին եւ Քրիսթոֆըր Ֆրում` 2013-ին):


