Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, ողիմպիական ախոյեան Լեւոն Ջուլֆալակեան նախորդ շաբաթավերջին PanArmenian.Net լրատուական կայքէջի թղթակիցին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ամփոփեց Եունիվերսիատի արդիւնքները:
Հակիրճ ձեւով կու տանք այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները. «Եթէ անկեղծ ըլլամ, Եունիվերսիատի իրաւարարութիւնը շատ կողմնակալ էր: Արթուր Ալեքսանեանի եւ Արսէն Ջուլֆալակեանի` ռուս մարզիկներուն հետ տեղի ունեցած գօտեմարտերուն ընթացքին, իրաւարարները գործեցին կարգ մը սխալներ: Այն միջոցին, երբ մեր տղաքը աշխուժ էին, անոնք զարմանալիօրէն անոնցմէ կէտեր կը խլէին: Այսպիսի որոշումներ բնականաբար մրցակիցին հաշուոյն կ՛ըլլան: Յամենայն դէպս, եւ ամբողջութեամբ իրաւարարները չեմ մեղադրեր: Ես մեր տղոց ըսած եմ, երբ մրցասպարէզ դուրս գան, մի՛շտ պէտք է յաղթեն ոչ միայն մրցակիցին, այլ նաեւ` իրաւարարին: Ընդհանուր առմամբ գոհ մնացի մեր խումբին ելոյթներէն: Այս մէկը մեզի համար եղաւ լաւագոյն պատրաստութիւնը` աշխարհի ախոյեանութեան գծով», ըսաւ Ջուլֆալակեան:


