Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Ռաուլ Ալպիոլ կը միանայ իտալական Նափոլի ակումբին: Այս լուրը կը հաղորդէ իտալական ակումբին պաշտօնական կայքէջը:
Սպանիոյ հաւաքականին մաս կազմող յետսապահը չորս տարուան պայմանագիր մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ, եւ կը նշուի, թէ 8 միլիոն եւրոյի կատարուած է իր այս փոխանցումը:
Պէտք է նշել նաեւ, որ Լիվըրփուլի բերդապահ Փեփէ Ռէյնա մէկ տարուան համար փոխ կը տրուի Նափոլիի:


