Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Լուրջ Տեղաշարժ. Հայաստան Իր Հողերը Կը Պահանջէ Թուրքիայէն

July 22, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

1991 թուականի անկախութենէն ի վեր Հայաստանի ղեկավարները կը դժկամէին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին այլ պահանջներ ներկայացնելու Թուրքիոյ:

Հայ պաշտօնատարները միայն վերջին տարիներուն սկսած են խօսիլ «ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման մասին»` առանց նշելու «հետեւանքները» եւ անոնց «վերացման» միջոցները:

Սակայն այս ամսուան սկիզբը լուրջ տեղաշարժ յայտարարուեցաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ Թուրքիոյ առնչութեամբ, երբ գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան Իրաւաբաններու համահայկական միջազգային համաժողովին կոչ ուղղեց` վերադարձնելու հայկական պատմական տարածքները:

Ասիկա առաջին անգամն է, որ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը հանդէս կու գայ հրապարակային նման պահանջով Թուրքիայէն:

Աղուան Յովսէփեան իր ծաւալուն եւ համապարփակ ելոյթի ընթացքին յայտարարեց, որ տարբեր պետութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը «յուզական-բարոյական» հարց է: Գլխաւոր դատախազը կոչ ուղղելով անցում կատարել դէպի «իրաւական դաշտ»` նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքները վերացնելու համար «ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգները պէտք է նիւթական փոխհատուցում ստանան, հայ եկեղեցիին պէտք է վերադարձուին Թուրքիոյ տարածքին հրաշքով կանգուն մնացած եկեղեցիներն ու եկեղեցապատկան հողերը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ստանայ իր կորսնցուցած տարածքները»:

Գլխաւոր դատախազ Յովսէփեան պնդեց, որ եթէ հայերը այս աւելի համարձակ մօտեցումը չորդեգրեն, յաջորդ հարիւրամեակին շօշափելի որեւէ արդիւնքի չեն հասնիր, ինչպէս որ չեն հասած վերջին հարիւր տարուան ընթացքին: Ան առաջարկեց վերանայիլ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորող բոլոր միջազգային պայմանագրերը` սկսած Պերլինի 1878 թուականի վեհաժողովէն մինչեւ 2009 թուականի ստորագրուած, բայց չվաւերացուած արձանագրութիւնները: Ան նաեւ Նախիջեւանի շրջանը յայտարարեց «Հայաստանի անբաժանելի մաս, բայց` բռնագրաւուած Ազրպէյճանի կողմէ»: Յովսէփեան կոչ ուղղեց աշխարհի չորս կողմէն հաւաքուած հայ իրաւաբաններուն պատրաստելու իրաւական թղթածրար` Ազրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն տարածքային պահանջներու մասին եւ զայն ներկայացնել Հայաստանի կառավարութեան` հետագային Արդարադատութեան միջազգային դատարան դիմելու համար:

Սովորաբար որեւէ երկրի գլխաւոր դատախազի յայտարարութիւնները մեծ կշիռ չեն ունենար միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, եթէ չըլլար այն հանգամանքը, որ  շարք մը  բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, ինչպէս` նախագահ Սերժ Սարգսեան, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան, ինչպէս նաեւ Արցախի արդարադատութեան նախարար Արարատ Դանիէլեան, նոյնպէս իրաւաբաններու համաժողովին ելոյթներ ունեցան արդարութեան վերականգնման մասին: Ակնյայտ էր, որ Գլխաւոր դատախազը նշանակուած էր իբրեւ Հայաստանի կառավարութեան բանբեր` Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին Թուրքիոյ հանդէպ անոր աւելի կոշտ դիրքորոշումը արտայայտելու համար:

Նախագահ Սարգսեան աւելի շրջահայեաց լեզու օգտագործելով, քան Գլխաւոր դատախազը, իրաւաբաններու համաժողովին ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, դատապարտումը եւ անոր հետեւանքներու վերացումը մշտապէս արդիական պիտի ըլլան: Քանի դեռ գոյութիւն ունի հայոց պետութիւնը, անյաջողութեան պիտի մատնուին այս պատմական իրողութիւնը ուրանալու եւ մոռացութեան մատնելու բոլոր փորձերը: Մարդկութեան դէմ գործուած այս մեծագոյն յանցագործութիւնը պէտք է մէկընդմիշտ ճանչցուի եւ դատապարտուի, առաջին հերթին` նոյն Թուրքիոյ կողմէ»:

Ըստ կառավարութեան նոր քաղաքականութեան ուղղուածութեան, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան յայտարարեց, որ պիտի ստեղծուի յատուկ յանձնախումբ` Հայոց ցեղասպանութեան պահանջներուն հետամուտ ըլլալու համար անհրաժեշտ իրաւական թղթածրար պատրաստելու նպատակով:

Աւարտին, համաժողովին մասնակիցները հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ` պնդելով, որ` «հայ իրաւաբաններու առաջնահերթ խնդիրը ոչ թէ  Ցեղասպանութեան ակնյայտ իրողութիւնը փաստելն է, այլ` հետեւանքներու յաղթահարման առումով իրաւական հիմնաւոր ու ամբողջական թղթածրարի պատրաստումը»:

Ասիկա ողջունելի իրադարձութիւն է Հայաստանի կառավարութեան եւ սփիւռքի միջեւ համախոհութիւն ստեղծելու առումով` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի շեմին միասնական նպատակներ իրագործելու համար:

Սակայն զուտ յուզական ոգեշունչ յայտարարութեան շրջանակներէն ելլելու համար Հայաստանի ղեկավարները պէտք է ձեռնարկեն հետեւեալ երկու անյապաղ քայլերուն.

1.- Վերցնել Հայաստանի կառավարութեան ստորագրութիւնը անարդիւնաւէտ հայ-թրքական արձանագրութիւններէն: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրէին անիմաստ է առաջնորդուիլ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու ապարդիւն ջանքերով` միաժամանակ դատական հայցադիմում պատրաստելով փոխհատուցման համար:

2.- Ստեղծել միջազգային իրաւունքի մասնագէտներու խումբ մը` Թուրքիոյ դէմ Միջազգային դատարանի եւ/կամ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի մէջ դատական գործի կազմակերպումը սկսելու համար:

Թէեւ թերահաւատները կրնան լրջօրէն չընդունիլ Հայաստանի իշխանութիւններուն քաղաքական վերջին յայտարարութիւնները, սակայն Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարութիւնը նման կասկածներ չունի: Նախորդ շաբաթ Անգարան դատապարտեց Հայաստանի տարածքային պահանջները` զայրացած յայտարարելով, որ` «ոչ ոք կը համարձակի տարածքներ պահանջելու Թուրքիայէն»:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

Նախորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մարդանա՛նք Աստուածահաճոյ Ընթացքով…

Յաջորդը

Երէկ «Սմերչ», Այսօր` Կանացի Գիշերանոց. Տագնապ Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններում

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.