Ուրբաթ, 19 յուլիսին, լողաշխարհի կեդրոնական մարմինը (FINA) հաստատեց, որ 2019-ի լողարշաւի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները տեղի պիտի ունենան Հարաւային Քորէայի Կուանկճու քաղաքին մէջ, իսկ 2021-ին Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ:
Այս երկու քաղաքներուն կողքին իրենց թեկնածութիւնը դրած էին նաեւ Ապու Տապի եւ Պաքու, սակայն Կուանկճուն եւ Պուտափեշթ արժանացան այդ իրաւունքին:
FINA-ի գլխաւոր քարտուղարը հաստատեց, որ երկու երկիրները շատ լաւ պատրաստուած էին իրենց թեկնածութիւնը յաջողութեան հասցնելու աշխատանքին եւ հարիւր առ հարիւր արժանի էին:
Պէտք է յիշել նաեւ, որ ռուսական Քազան եւ մեքսիքական Կուատալախարա քաղաքները յաջորդաբար պիտի հիւրընկալեն լողարշաւի աշխարհի ախոյեանութիւնը` 2015-ին եւ 2017-ին:


