Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Վարժարանի Բակին Մէջ. Մեսրոպեանական Լիզա Սվաճեանի «Արեւ Աչերով» Անդրանիկ Ձայնասկաւառակի Արժանավայել Շնորհահանդէս

July 20, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, երէկ` ուրբաթ, 19 յուլիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ մեսրոպեանական Լիզա Սվաճեանի «Արեւ աչերով» անդրանիկ ձայնասկաւառակի շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, պատկան միութիւններու ներկայացուցիչներու, լիբանանահայ երգիչներու, արուեստասէրներու, կրթական պատասխանատուներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Րաֆֆի Տեմիրճեան

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու ու խումբերու պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ պատահականութիւն չէ, որ Լիզա Սվաճեանի առաջին սկաւառակը կը ներկայացուի Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, որովհետեւ ան եղած է Մեսրոպեանի աշակերտ, երգելու իր առաջին քայլերը կատարած է վարժարանին մէջ, եւ այդ քայլերուն առաջին գնահատողը եղած է նոյնինքն վարժարանը` իր երգի ուսուցիչին` Մանուէլ Քէշիշեանի ճիգերով եւ հոգատարութեամբ:  Տեմիրճեան յոյս յայտնեց, որ այս շնորհահանդէսը պարզապէս սկիզբը հանդիսանայ նորանոր նուաճումներու եւ երգչուհին առաւել եւս կապուի հայ երգին, խորանայ եւ արժեւորէ, որպէսզի յառաջիկային նոր եւ աւելի մեծ յաջողութիւններ արձանագրէ:

Աւետիս Կիտանեան

Ապա Լիզա Սվաճեան երգեց «Արեւ աչերով» եւ «Հայը հայով» երգերը, որմէ ետք խօսք առաւ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան, որ հաստատեց, որ Սվաճեան լաւապէս կը մեկնաբանէ եւ կը ներկայացնէ հայ երգը: Իբրեւ նախկին մեսրոպեանական եւ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն, Կիտանեան յայտնեց, որ այս առիթը իրեն համար յատուկ կարեւորութիւն ունի, քանի որ ինք ամուր կերպով կապուած է իր վարժարանին, եւ «Վանայ ձայն»-ը ջատագովն է հարազատ հայ երգին:

Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով Լիզա Սվաճեան Մեսրոպեան վարժարանի երգչախումբին ընկերակցութեամբ երգեց «Լեռներ հայրենի» եւ «Մայրիկ իմ քնքուշ» երգերը` խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի:

Կրեկուար Գալուստ

Իր կարգին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ երգերուն հետ Լիզա Սվաճեանի աշակերտական օրերուն ցուցադրուած լուսանկարները եւ լուսահոգի հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի պատկերն ու այսօրուան կատարումը կու գան հաստատելու, որ Լիզան իր գործունէութեան «հայու հարազատ զաւակն է»: Մեսրոպեանի տնօրէնը մաղթեց, որ Սվաճեան իր ուսուցչական ասպարէզին մէջ արձանագրած յաջողութիւններուն կողքին ապագային մեծ բեմերու վրայ կ՛ունենայ մեծ ելոյթներ` պատիւ բերելով իր ընտանիքին, վարժարանին, շրջապատին եւ ազգին:

Այս առիթով խօսք առաւ Լիզա Սվաճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Կարկանդակի հատումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Մի անուշ եար ունեմ» երգի կատարումով, ընկերակցութեամբ վարժարանի «Շուշի» պարախումբին: (Պարուսոյց` Սարին Արթինեան):

 

 

Ձեռնարկէն ետք տեղի ունեցաւ «Արեւ աչերով» ձայնասկաւառակի մակագրութիւն:

 

Նախորդը

Խալիլ, Ռըսթոմ Եւ Մուհիէտտին Այցելեցին Նախարար Քարամէի

Յաջորդը

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը Կը Շարունակէ Իր Գործունէութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.