Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ 330

July 20, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՄԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Տարի մըն ալ անցաւ մեր կեանքէն: Եթէ տարիքի մեծութիւնը իմաստութեան նշան է, ուրեմն ամէն մարդ այս տարի քիչ մը աւելի իմաստուն դարձաւ: Այս խնդրայարոյց հարցը մէկ կողմ դնելով` անցնինք մեր ազգային ելեւմուտքին, որ վերջ չունի:

Առանց մեր չորս դին դիտելու` կրնանք ըսել, որ մեր մշակութային կեանքը եռուզեռի մէջ էր: Շաբաթական որոշ թիւով ձեռնարկներ յաճախ զիրար կը խաչաձեւեն: Ասոնք մեր ազգին ցաւերը չեն ամոքեր եւ ոչ ալ էական խնդիրներ կը լուծեն: Կը յիշեմ, որ անգամ մը գրած էի` խթման գիշերը պարահանդէս չսարքել. մայրս կ՛ըսէր, որ նոյնիսկ լոգնալը մեղք է: Բայց որո՞ւ հոգը: Բոլոր սուրբերուն անունով եւ անոնց «պաշտպանութեան» ներքոյ կը սարքենք մեր պարահանդէսները: Չեմ կարծեր, որ այդ սուրբերը հասկնան մեր արաբերէն, անգլերէն, յունարէն եւ այլ լեզուներով թմբկահար երգերը:

Սուրիոյ դժբախտ դէպքերուն բերումով, մօտ 6000 սուրիահայեր այժմ կ՛ապրին հայրենիքի մէջ: Յարմարիլը դժուար է, թէեւ հայրենի կառավարութիւնը կարելին կ՛ընէ` դպրոցներու շէնքեր տրամադրելով, գործ հայթայթելով եւ այլն: Արդէն կ՛իմանանք ձանձրոյթի մասին: Շատերու համար օդանաւի տոմսի ծախսը արդէն բաւական ծանր էր եւ որեւէ  մարմին չմտածեց զեղչուած գիներու մասին: Այս 6000 հոգին գոնէ  քանի մը միլիոն տոլար ծախսեց Հայաստան հասնելու համար եւ ծախսեր ու ծախսեր եւ… չարաշահութիւն…

Աշխարհով մէկ հանգանակութեան կոչեր եղան: Ի պատիւ իրեն` ՀԲԸՄ-ը մէկ միլիոն տոլար տրամադրեց, Քուէյթէն ալ` հարիւր հազար: Եղան ուտեստեղէնի ծրարներու առաքում Հայաստանէն` «Օգնիր եղբօրդ» ծրագիրին ծիրին մէջ: Պէտք էր նաեւ կանխիկ դրամ բաժնուէր մանաւանդ Հալէպ եւ Հայաստան ապրողներուն եւ այս` ամենաթափանցիկ ձեւով: Սնդիկային խաղեր արգիլուած են:

Գոնէ այս անգամ ցոյց տանք, որ կրնանք ընել:

Ես հալէպցի ըլլալով` երիտասարդութեանս մեծ մասը անցուցած եմ Նոր Գիւղի մէջ եւ ամէն անգամ որ ռմբակոծման մասին լսեմ, սիրտս կը ճմլուի` անիծելով մարդկային արդարութիւնը, որ ոչ գոյ է մարդկութեան պատմութեան սկիզբէն ի վեր: Եւ տակաւին, բոլոր հաղորդամիջոցներ այնպէս մը ցոյց կու տան, որ Սուրիան է յանցաւորը, մինչդեռ այս բոլորը կը բեմադրուին ի նպաստ Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդին, կնքահայրութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ իր մանկլաւիկներուն, որոնք բոլորն ալ ժողովրդավար պետութիւններ են:

Յայտնի է Իսրայէլի հակաքրիստոնեայ կեցուածքը: Շաբաթ մը առաջ «Հաարէց»-ի մէջ կարդացի, որ հինգ հրեայ գիտնականներ «փաստած» են, թէ Յիսուս Աստուած չէր, եւ խախամ մըն ալ յայտարարեր է. «Վա՛յ անոր, որ Ս. Ծնունդի ծառ կը շտկէ»:

Մեզի կը մնայ մաղթել, որ սուրիական տագնապը իր շուտափոյթ բարի աւարտին հասնի` վերջ դնելով ժողովուրդին տառապանքներուն:

* * *

Վեց շաբաթէն Հայաստանի մէջ նախագահական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան. «Ջուրի յստակութեամբ», ըստ Սերժ Սարգսեանի հաւաստիացումներուն: Չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ երկրորդ անգամ կը փափաքի ընտրուիլ: Եթէ մոտա է, ըսելիք չունինք, բայց հայրենասիրութիւնը կը պահանջէր, որ ուրիշներուն ալ առիթ տրուի: Անոնք կրնան նոր գաղափարներ ունենալ: Ցարդ 12 թեկնածուներ ներկայացած են, որ արտասովոր երեւոյթ մըն է:

* * *

Վերջերս մեր մամուլին մէջ կը տեսնեմ զուտ անգլերէն լեզուով յայտարարութիւններ` մոխրագոյն յատակի (ֆոն) վրայ եւ գրեթէ` անընթեռնլի. նման գովազդներ չեմ կարդար եւ բնականաբար այդ ձեռնարկին ներկայ չեմ գտնուիր: Կէս պատճառ մը կ՛ուզէի լսել այդ կազմակերպիչներէն, թէ հայ մամուլին մէջ ինչո՞ւ օտար լեզուով են այդ յայտարարութիւնները:

Ժամանակ մը առաջ ալ Պուրճ Համուտի մէջ կարգ մը ցուցափեղկերու վրայ կարդացինք լատինատառ հայերէնով յայտարարութիւններ` չըլլալիք երգահանդէսի մը մասին:

Նոյնը ի զօրու է նաեւ մեր հայերէն ձայնասփիւռներուն, որոնք անգլերէնով ծանուցումներ կը կատարեն: Մեր մամուլն ու ձայնասփիւռը ոչ հայերո՞ւն ուղղուած են, թէ՞ հայերէն չգիտցող հայերու: Օր մը պատճառը կ՛իմանանք:

Եւ տակաւին, Ազգային առաջնորդարանի «Հայ եութ» երիտասարդական համախմբումին… որ ծնողական համերգ մը (յուսամ հայերէնով) պիտի հրամցնէ հայ ժողովուրդին – 4. 1. 13-ն: «Հայ եութ» ի՞նչ է:

* * *

– Կ՛ըսեն, թէ ամէն տասներորդ ամուսնութիւնը երջանիկ կ՛ըլլայ:

– Չեմ գիտեր. ես տակաւին երրորդ անգամ անգամ կ՛ամուսնանամ… իսկ մեր ազգը, ե՞րբ երջանիկ պիտի ըլլայ:

 

15-1-2013

Նախորդը

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Շրջանաւարտներու 26-րդ Հունձքը

Յաջորդը

Ազնաւո՛ւր Տաղանդ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.