Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուրջ 100 Հայորդիներ Ստացան Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիութիւն

July 19, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

 

Երէկ իւրայատուկ օր մըն էր բազմաթիւ լիբանանահայերու համար: Արդարեւ,  հինգշաբթի, 18 յուլիս 2013-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն բազմաթիւ հայորդիներ կը  փութային Պէյրութէն քիչ մը վեր, Ռապիէի բարձունքին վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր ժամադրուած էին իրենց կեանքի անկիւնադարձային մէկ հանգրուանը ապրելու: Մեծ մասամբ երիտասարդ օրիորդներ, տիկիններ ու պարոններ, անխառն երջանկութեամբ կը սպասէին դեսպանատան հիւրասրահին մէջ, անհամբեր լսելու դեսպանին փոխանցելիք «աւետիս»-ը: Առաւօտեան ժամը 9:00 քիչ անց, մէկ առ մէկ սրահին մէջ սկսան տեղ գրաւել դեսպանատան  պատկան պատասխանատուները, դեսպանին սրահ մուտքով սկսան հնչել նախ լիբանանեան ու ապա հայկական քայլերգները: Յոտնկայս ունկնդրելէ ետք ազգային զոյգ քայլերգները, Լիբանանի մէջ Հայաստանի լիազօր ու արտակարգ դեսպան Աշոտ Քոչարեան ողջունեց ներկաները` սրտանց շնորհաւորելով զանոնք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը ստանալու առիթով: «Կը հաւատամ, որ այսօր իւրաքանչիւրիդ համար ասիկա մեծ իրադարձութիւն է, տօնական, խորհրդանշական եւ պարտաւորեցնող հանդիսութիւն: Անցագիրը թէ՛ իրաւունքներ կ՛ընձեռէ եւ թէ՛ պատասխանատուութիւն կը սահմանէ: Դուք հարուստ էք հոգեպէս եւ մշակոյթով, հարուստ` մարդկային ներուժով», ըսաւ դեսպան Քոչարեան եւ աւելցուց. «Իւրաքանչիւրիդ հայկական օճախին մէջ կը պահպանուին հայկական ոգի, լեզու, մշակոյթ եւ աւանդութիւններ, կը ծաւալի ազգանուէր եւ հայապահպան գործունէութիւն` ի նպաստ համայնքի ազգային, մշակութային կեանքի վերելքի, առկայ է սէր ու հաւատարմութիւն հայութեան, հայրենիքի, հայոց պետականութեան նկատմամբ:» Դեսպան Քոչարեան բարձր գնահատեց հիւրընկալ Լիբանանի ու յատկապէս` լիբանանահայերու ազգօգուտ գործունէութիւնն ու դրական ներդրումը մայր հայրենիքի բարգաւաճման, ծաղկումի ու վերելքի ճիգերուն մէջ: «Համոզուած եմ, որ անցագիրի ստացումը նոր կարելիութիւն պիտի ընձեռէ բոլորիդ համար, յաճախակիօրէն այցելելու  Հայաստան, մասնակցելու համահայկական նշանակութիւն ունեցող միջոցառումներու, նաեւ` ձեր գիտելիքներով, փորձով եւ ներդրումներով  հայրենիքի զարգացման», շեշտեց դեսպան Քոչարեան: «Այսօր իրականացաւ ձեր երազը: Դուք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով կը դառնաք անկախ, ազատ Հայաստանի քաղաքացի, ինչ որ մեծ պատիւ ու հպարտութիւն է  ձեզմէ իւրաքանչիւրին համար, պատասխանատուութիւն եւ պատմական երեւոյթ», ընդգծեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ ու լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան:

Ապա դեսպանատան հիւպատոս, Կարէն Մաթեւոսեան իր կարգին շնորհաւորելով  քաղաքացիութեան թեկնածուները, յստակ ոճով բացատրեց  անցագիրի ստացման աստիճանական հոլովոյթը, որուն աւարտին իւրաքանչիւր նոր քաղաքացի պարտի ստորագրել նշուած փաստաթուղթին վրայ: Ներկաները յաջորդաբար անուանական կարգով ստացան իրենց նոր անցագիրը` ամբողջացնելով պահանջուած քայլերը:

 

 

 

Նախորդը

Սեւ Օր Մը` Լիբանանի Մարզաշխարհին Համար. ՖԻՊԱ-ն Չորս Տարիով Կախակայեց Լիբանանը` Ամէն Տեսակի Միջազգային Մրցաշարքերէ

Յաջորդը

Անթիլիասի Դժուար Օրերու Վերջին Մոհիկանը. (Տ. Արտաւազդ Ս. Արք. Թրթռեանի Վախճանման Տխուր Առիթով)

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.