Զուիցերիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Պորուսիա Տորթմունտ նախորդ շաբաթավերջին բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 4-1 արդիւնքով յաղթեց թրքական Պուրսասփորին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, թէեւ կոլ չնշանակեց, սակայն կատարեց կոլի երկու փոխանցում` բաւական լաւ տպաւորութիւն ձգելով հանդիսատեսներուն վրայ:
Վաղը Տորթմունտ այլ մրցում մը պիտի կատարէ Լիուցեռնի դէմ:


