Յ. ՊԱԼԵԱՆ
«Ճամբորդութիւննե՛ր, ինչ որ դուք նախ մեզի ցոյց կու տաք,
մեր աղբն է` շպրտուած մադկութեան երեսին»:
Քլոտ-Լեւի Սթրոս (1908-2009)
Թիւերու լեզուն վիճելի չէ: Անոնց ծիրէն ներս հրամցուող տուեալները, եթէ «հետաքրքրաշարժ»-ի տեսնող-մոռցող զսպաշապիկէն դուրս գանք, մեզ կը մղեն մտածելու, նոյնիսկ եթէ մեր եսապաշտութենէն մնայուն կերպով պիտի չձերբազատինք:
Լուրջ ամսագիր մը լրիւ էջ մը տուեալներ հրապարակած էր ժամանակակից ընկերութեան իւրայատկութիւններէն երեսի մը մասին: Մարդիկ մեր օրերուն կը ճամբորդեն իրենց երկրին մէջ եւ անկէ դուրս: Գիտէինք:
Բայց այլ բան է, ինչ որ թիւերը կ՛ըսեն:
Զբօսաշրջութիւնը ե՞րբ կը դառնայ եսասիրութենէ բխող չարիք եւ մսխումի ախտ: Հարցում է:
Մէջբերուած է աշխարհահռչակ մարդաբան Քլոտ Լեւի-Սթրոսի խօսքը. «Ճամբորդութիւննե՛ր, ինչ որ դուք նախ մեզի ցոյց կու տաք, մեր աղբն է` շպրտուած մադկութեան երեսին»: Մտածե՛լ:
1950-ին միջազգային զբօսաշրջիկներու թիւը եղած է 25 միլիոն:
2012-ին` 1,035 միլիառ: Այսինքն բազմապատկուած է 41,4-ով: Մոլորակին բնակչութիւնը 7 միլիառ է, բայց այդ բնակչութեան եօթէն մէկը զբօսաշրջիկ չէ, չէ եղած, եւ հաւանօրէն դեռ երկար ժամանակ պիտի չըլլայ:
Զբօսաշրջային ճարտարարուեստը, այս ընդունուած բանաձեւում է, կ՛աշխատցնէ 120 միլիոն անձ:
2022-ի համար կը նախատեսուի, որ աշխատատեղերու մէկ տասներորդը պիտի գրաւուի զբօսաշրջային ճարտարարուեստին կողմէ:
Կան այլ ուշագրաւ թիւեր:
2012-ին Չինաստան եկած է առաջին գիծի վրայ, ինչ կը վերաբերի զբօսաշրջային ծախսերուն: 82 միլիոն չինացիներ ծախսած են 102 միլիառ եւրօ, շուրջ 133 միլիառ տոլար:
Կայ զբօսաշրջութիւն, ինչպէս, օրինակ, թանգարան այցելութիւնը: 2011-ին Լուվրի թանգարանը այցելողներուն թիւը եղած է 8,3 միլիոն 8.3 միլիոն:
Բայց կան նաեւ զարմանալի «այցելութիւններ»:
Ամերիկեան տխրահռչակ Ալքաթրազ նախկին բանտը կ՛այցելեն 1,5 միլիոն մարդիկ: Ի՞նչ բան տեսնելու համար:
Չարիք դարձած Չեռնոպիլի պայթած հիւլէակայանը կ՛այցելեն մարդիկ` գալով Քիեւէն եւ կը վճարեն 300 եւրօ, 400 տոլար: Ի՞նչ բան տեսնելու համար:
ՄԻԿ-29 օդանաւով թռիչք մը, 20.000 մեթր բարձրութեան վրայ, 2,5 ՄԱՔ արագութեամբ, կ՛արժէ 21.000 եւրօ, 27.500 տոլար: Յետո՞յ:
Էվերեսթի գագաթը կամ հարաւային բեւեռ այցելութիւնը կ՛արժէ 50.000 եւրօ, 65.000 տոլար:
Երկիր մոլորակին շուրջ թռիչք մը, 100 քմ բարձրութեան վրայ, նախատեսուած` 2014-ի համար, պիտի արժէ 150.000 եւրօ, շուրջ 200.000 տոլար: Արդէն 500 տոմսեր ծախուած են:
Դէպի միջազգային անջրպետային կայան ճամբորդութիւն մը պիտի արժէ 1,5-էն 2,7 միլիոն եւրօ, 1,96-էն 3,5 միլիոն տոլար:
Ճամբորդութիւն մը լուսնի մակերեսին վրայ, 100 քմ բարձրութենէ, նախատեսուած` 2020-ին, պիտի արժէ 115 միլիոն եւրօ, 150 միլիոն տոլար:
Զարմանալ, զարմացնել, մսխել եւ… ապականել:
Այս «զբօսի ընկերութիւն» է:
Մարդկութիւնը կը զուարճանայ, երբ միլիոնաւոր մարդիկ անօթի են (մէկ միլիառ անօթիներ կան) եւ ծարաւ (մարդկութեան 11 առ հարիւրը ըմպելի ջուր չունի) կը մեռնին, անպատսպար են, կը հնձուին համաճարակներէ, մանուկները դպրոցի երես չեն տեսներ, արբունքի չհասած` աղջնակներ կը վաճառուին որպէս սեռային ապրանք:
Քաղաքական ճառեր կը խօսուին անարդարութիւններու վերացման մասին:
Զուգահեռաբար, ինչո՞ւ չի խօսուիր եսասիրական մսխումներու չարիքներուն մասին: Վարդապետութիւններ կան, որոնք կը քարոզեն, թէ բնութեան եւ գիտութեան բարիքները հաւասարապէս պէտք է ծառայեն բոլորին:
Բոլորի՞ն:
Ո՞ւր է այդ «հաւասարապէս»-ը… բաձրախօսները երբ լռեն:
Առանց բարոյախօսութիւն ընելու` քաջութիւն կ՛ունենա՞նք թիւերու լեզուով մտածելու:
Մտածել, որ 2022-ին 10-ը աշխատատեղերէն մէկը զբօսաշրջութեան պիտի յատկացուի, այդ մարդիկ ո՛չ ցորեն պիտի արտադրեն, ո՛չ ինքնաշարժ, ո՛չ ուսուցիչ պիտի ըլլան, ո՛չ տուն եւ ճամբայ պիտի շինեն: Մէկ կողմէ պիտի սպառենք ուժանիւթ` միաժամանակ ահազանգ հնչեցնելով գալիք ուժանիւթային տագնապի եւ մոլորակի ապականման մասին, մթնոլորտ եւ ովկիանոսներ: Դեռ ոչ ոք ըսաւ, թէ որքա՞ն ժամանակ ետք մեր մոլորակը անապատ պիտի դառնայ:
Այդ անապատացման մասնակից ենք մեր ամէն օր արտադրած աղբով, որ նուազ զարգացած երկիրներու մէջ կը դիզուի փողոցին անկիւնը, աւելի զարգացած երկիրներու մէջ անպատասխանատուութեամբ կ՛ուռճացնէ գունաւոր աղբամանները:
Ո՞ւր կ՛երթայ մեր ինքնաշարժներու, ելեկտրակայաններու, օդանաւերու փսխած բնածխական կազը:
Ամէնէն ողբերգականը այն է, որ նմանելու ցանկութեամբ, մտած ենք խաղին մէջ` աճեցնելով խաղին անձնատուր զանգուածները եւ խաղին երազը ունեցողներուն համրանքը:
Անհատաբար կը մտածե՞նք, թէ ո՛ւր կ՛երթանք եւ ո՞ւր կը տանին:
Բայց նստած հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանին առջեւ` կը լսենք, երբեմն ալ կը խօսինք, բեւեռներու սառցալեռներու, օզոնի խաւի եւ կենդանական տեսակներու անհետացման մասին…
Ճափոնցիները արժանապատուութեան համար գիտեն հարա-քիրի ընել:
Մարդկութիւնը եսասիրութեամբ, ոչ արժանապատուութեան համար, սեփական եսին դէմ, ընդարմացումով, հարա-քիրի կ՛ընէ:
Բայց ո՞վ ժամանակ ունի նման հարցերու մասին մտածելու:
21 Յունիս 2013


