

Հովանաւորութեամբ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, Ֆաքրա ակումբին մէջ (Քֆարզեպիան) բացումը կատարուեցաւ խոտի վրայ դահուկարշաւի աշխարհի բաժակի 4-րդ հանգրուանի ախոյեանութեան:
Նախագահ Սլէյմանը կը ներկայացնէր նախարար Ֆատի Ապպուտ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի ներկայացուցիչն էր Եասեր Ապպուշի, ներկայ էին նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէ, ֆետերասիոնի այլ անդամներ, միջազգային դահուկարշաւի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Իր խօսքին մէջ Սալամէ ըսաւ, որ նոր ֆետերասիոնին կազմութենէն ի վեր մեծ աշխատանք տարուեցաւ Լիբանանը զետեղելու միջազգային դահուկարշաւի քարտէսին վրայ, եւ խոտի վրայ տեղի ունենալիք դահուկարշաւի այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալելով ֆետերասիոնը կու գայ փաստելու, որ Լիբանան կը նկատուի յառաջացած երկիրներուն կարգին:
Աւարտին, Սալամէ յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց նախարար Ապպուտի եւ Ժան Համմամի:


