Ս. Մ.
«Նստէ՛, որ քեզի լաւ բան մը ցոյց տամ», ըսաւ բանաստեղծ բարեկամս` իր բնակարանի հիւրասենեակին մէջ դիմաւորելով զիս. «Տե՛ս, ի՛նչ արձանագրեր եմ քանի մը օր առաջ», շարունակեց` մօտենալով պատկերասփիւռի գործիքին եւ սեղմելով քանի մը կոճակ:
Երկար ատենէ չէի տեսած զինք, գացեր էի հալը-քէֆը հարցնելու: Մեր խօսակցութիւնները հրատարակելի բովանդակութիւն չեն ունեցած, բացի… իր բանաստեղծութիւններէն: Չէի ալ գիտեր, որ ի՛նչ ցոյց պիտի տար, հետեւաբար տակաւին չէի կրնար նախատեսել, որ «լաւ բան մը ցոյց պիտի տամ»-ը ի վերջոյ պիտի թառէր այս սիւնակին մէջ:
Մինչեւ արձանագրած ժապաւէնը գտնէր, կարճ զրոյց մը ծայր առաւ: Կ՛երեւակայէի, թէ լաւ երգ մը, լուրերէն քաղուած ուշագրաւ բան մըն էր արձանագրածը. անցեալ փորձառութիւններս ա՛յդ կը թելադրէին:
Պաստառին վրայ երեւցաւ շեշտակիօրէն հայատիպ դէմք մը. «Լսէ՛, Հայաստանի պատկերասփիւռէն արձանագրած եմ, ոստիկանապետ է. լսէ՛, թէ ի՛նչ անխառն ու մաքուր հայերէն մը կը խօսի», բացատրեց բարեկամս` մասամբ լուծելով հանելուկը:
Միասնաբար մտիկ ըրինք. ինք յայտնապէս քանի մը անգամ ունկնդրած էր. ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը կը ծորէին աչքերէն, կը յորդէին` դէմքին վրայ տարածուող ժպիտով: Ոստիկանապետը ուղերձ մը կ՛արտասանէր տօնական օրուան մը առիթով, կը դրուատէր հայրենիքին ծառայող զինուորներն ու ոստիկանները, մնացեալը… կը թողում ձեր երեւակայութեան:
Իսկապէս ան կ՛արտայայտուէր պարզունակ, հաղորդական, բայց անխառն հայերէնով. 3-4 վայրկեան ելոյթին ամբողջ տեւողութեան, Ո՛Չ ՄԷԿ ՕՏԱՐ ԲԱՌ` բացի «վեթերան»-էն, ինչպէս նկատել տուաւ բարեկամս: Թուղթէ մը չէր կարդար, այլ սրտաբուխ արտայայտութիւն էր, սիրտէն լեզուին հասած, մտածուած, բայց նաեւ յանպատրաստից արտայայտութիւն մը` կարծէք:
Ապշած` զինք դիտեցի պահ մը. ուրեմն Հայաստանի մէջ կա՛ն մարդիկ, որոնք կրնան արտայայտուիլ հրապարակաւ, պատկերասփիւռի ոսպնեակներու առջեւ, առանց օտարամուտ բառերով ծանրացնելու իրենց խօսքը: Մինչդեռ անդին, նախագահէն մինչեւ նախարարներ, խորհրդարանի անդամներ, կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ ու բանբերներ խղճի ամենա՜յն հանդարտութեամբ խառնարան հայերէն մը դուրս կու տան ամէն օր, նոյնը կ՛ընեն խօսնակներ, լուրեր հաղորդողներ, մէկ խօսքով` պատասխանատուութիւն յանձն առած ամէն տեսակի մարդ, որոնց չյայտարարուած առաքելութեան մաս կը կազմէ հայկական արժէքներու պահպանումը, իմանալ նաեւ` մեր լեզուի մաքուր գործածութիւնը:
Եւ նոյն ա՛յդ մարդիկն են, նոյն այդ… անպատասխանատունե՛րը, որոնք յաճախ կը ճառեն լեզուի պահպանման նուիրուած խորհրդաժողովներու բեմերէն`մտածելով, որ իրենց ճառերը, պատուէրները միայն ուրիշին ուղղուած են, իրենք զերծ են նման յանձնառութենէ, ինչպէս կ՛ընեն ընկերային ու մշակութային այլ հարցերու դիմագրաւման մէջ:
Անաչառ ըլլալու համար պէտք է արձանագրենք նաեւ, որ մայրենիին հանդէպ նման անպատասխանատու վերաբերմունք կը տեսնենք սփիւռքի տարածքին ալ, նոյնինքն` մայրենիի պաշտպանութեան մասին ճառողներէ:
Այլ նիւթերու մասին խօսելէ առաջ եզրակացուցինք. «Այս ոստիկանապետը արժանի է պետական, նախարարական, զինուորական ու կաթողիկոսական ամէնէն բարձր շքանշաններուն»:
(Ո՜ւր հասած ենք…):


