Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԸՐՐԻ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՈՄԱՆՔ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻՆ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԵԼ ԵՒ ԵՐԿՐԻՆ ՀԻՒՍԻՍԷՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԵՏ ՃԱԿԱՏ ԲԱՆԱԼ»

May 31, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պըրրի իր խօսքը կ՛ուղղէ ձեռնարկի ներկաներուն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ներկայ գտնուեցաւ լիբանանցի նահատակ շիի բարձրաստիճան կրօնաւորներ Մոհամետ Մաքքի Ժեզզինիի եւ Զէյնէտտին Ժապյիի յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկին, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ լիբանանցիները այս հանգրուանին կ՛ապրին արդի դար մը, որուն ընթացքին յստակօրէն կը պարտադրուի Նոր Միջին Արեւելքի ծրագիրը, որ կը գործադրուի «Բաժնէ՛, որ տիրես»ի քաղաքականութեան հիման վրայ:

Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ այսպէս կոչուած Մայրիներու յեղափոխութիւնը Լիբանանը նուազագոյնը 60 տարի ետ տարած է եւ լիբանանցիներուն դրամը օգտագործած, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պետական գանձարկղի նիւթական բացը հսկայ դարձուցած` առիթ տալով, որ Լիբանանի ներքին հարցերուն օտար միջամտութիւնները աւելնան:

«Արաբական աշխարհին մէջ յեղափոխութեան գարնան վերաբերող մաղթանքներուն զուգահեռ, մենք յանձնառու կը մնանք պաղեստինեան վերադարձի գարնան, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատենք մեր ողջոյնը` միջպաղեստինեան հաշտութեան, հասնելով մինչեւ պաղեստինեան իշխանութեան վերականգնումը եւ պաղեստինցի ժողովուրդին ինքնավստահութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի դէմ դիմադրելու պաղեստինցի ժողովուրդին վճռակամութիւնը», ըսաւ Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ ինք ապահով կը զգայ իր սահմանները պաշտպանելու, ընկերային անվտանգութեան եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու սուրիական բանակին կարողութեան գծով:

«Մենք վստահ ենք, որ Սուրիոյ մէջ համայնքային եւ յարանուանական բախումներ պիտի չբռնկին, ընդհակառակն` Սուրիա կարելիութիւն պիտի ունենայ քննարկելու իր ապագան եւ նախագահ Պաշշար Ասատի գլխաւորութեամբ կարելի պիտի ըլլայ բարեկարգչական նոր շարժում մը իրականացնել», ըսաւ ան:

Պըրրի մերժեց բոլոր այն քաղաքական փորձերը, որոնք ոմանց կողմէ կ՛օգտագործուին` Սուրիան տապալելու համար Լիբանանէն: «Դժբախտաբար կան լիբանանեան կողմեր, որոնց որդեգրած ընթացքը փաստեց, որ անոնք կ՛ուզեն փոփոխութեան ենթարկել աշխարհագրութիւնը եւ հիւսիսային Լիբանանէն Սուրիոյ հետ ճակատ ստեղծել` մոռնալով, որ Սուրիա պահպանած է Լիբանանի միասնականութիւնը», ըսաւ ան:

Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց ընդհանուր ժողովի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ չորեքշաբթի, 8 յունիսին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

 

 

Նախորդը

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՓՈԹՈՐԿՈՏ ՆԻՍՏ

Յաջորդը

«ՖԻՆԻՒԼ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ ԻՐ ՍՏԱՆՁՆԱԾ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ԶՕՐ. ԱՍԱՐԹԱ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։