Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

July 12, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աստուծոյ օգնութեամբ եւ մեր ժողովուրդին ամբողջական աջակցութեամբ Լիբանանի հայոց Ազգային իշխանութեան Ազգային վարչութիւնը այսու կը յայտարարէ, թէ տասնամեակներէ ի վեր փայփայուող երազը եւ առ այդ անցնող տարիներու հետեւողական աշխատանքները Պուրճ Համուտի մէջ կեդրոնական Ազգային բարձրագոյն վարժարան կառուցելու` դարձած է իրականութիւն, եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին կից հողամասին վրայ, երկու շաբաթներէ ի վեր շինարարական աշխատանքները արդէն իսկ կանոնաւոր եւ ծրագրուած երկամեայ ժամանակացոյցով սկսած են:

Ազգային իշխանութեան Ազգային վարչութիւնս, որուն առջեւ կը ցցուի նախկին իրերայաջորդ ժողովներուն կողմէ ծրագրուած ու պատրաստուած կեդրոնական Ազգային բարձրագոյն նոր վարժարանին շինութեան իրականացման մարտահրաւէրը, ազգային գիտակցութեան բարձրագոյն պատասխանատուութեան յանձնառութեամբ լծուած է սերնդակերտ այս աշխատանքին իրագործման` հաւատալով, որ Պուրճ Համուտի մէջ Ազգային վարժարանները միաւորող կեդրոնական Ազգային բարձրագոյն նոր վարժարանի կառուցումը հետեւեալ տուեալները կը բովանդակէ.

Առաջին, Պուրճ Համուտը է ու կը մնայ լիբանանահայութեան գոյութեան, վերականգնումի  ու կենսունակութեան խորհրդանիշ: Այս օրերուն, երբ Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ հողատարածքի ոչ այդքան դիւրամատչելի կարելիութիւններուն մէջ մարդիկ ընձեռուած հողատարածքը տնտեսական շահաւէտ ծրագիրներով կ՛օգտագործեն, Ազգային իշխանութեան անխախտ համոզումն է, որ մեր ժողովուրդի շահաւէտ ու անվրէպ  ներդրումը կը կայանայ նոր սերունդներու հայեցի նկարագիրի պահպանման երաշխիք հայ դպրոցին մէջ:

Երկրորդ, յառաջիկայ տասնամեակներու կրթական եւ մանկավարժական արդիական  պայմանները լրացնող Ազգային նոր վարժարանի  կառուցումը,  անոր իրականացման առջեւ ցցուած բոլոր դժուարութիւններով ու շրջապատի պարագաներով հանդերձ, շօշափելի եւ բացայայտ ապացոյց է, որ Ազգային իշխանութիւնը հայ դպրոցի գոյատեւումը իր գոյութեան իմաստը կը նկատէ: Հետեւաբար, հայ դպրոցին յառաջդիմութիւնը եւ արդիականացումը, եւ յատկապէս անցեալին դժուար պայմաններու մէջ հիմնուած դպրոցական համակարգին կառուցային բարելաւման ու զարգացման հանգրուաններուն մէջ, նման անկիւնադարձային նախաձեռնութիւն կը մնայ առաջին առաջնահերթութիւն:

Երրորդ, Լիբանանի եւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն լոյսին տակ նոր, արդիական ու շքեղ Ազգային վարժարան կառուցելու այս ծրագիրին իրականացման աշխատանքը, լիբանանահայութեան համար մայրիներու այս երկրին կառչած մնալու եւ ապագային լաւատեսութեամբ նայելու ու գործելու ցուցանիշ է: Առաւել, սփիւռքի ներկայ իրականութեան մէջ, ազգային հիմնահարցերուն` առհասարակ արեւմտահայութեան եւ մասնաւորապէս արեւմտահայերէնի պահպանման ու ազգային պահանջատիրութեան հետապնդման մէջ լիբանանահայութիւնը իրեն վերապահուած  յառաջատար դիրքին վրայ պահելու ու պահանջուած պատրաստունակութեամբ իր կարեւոր դերակատարութիւնը շարունակելու   իմաստով անառարկելի ու  հրամայական պահանջ է:

Վերոյիշեալ իրողութիւնները նկատի առած, Ազգային իշխանութեան Ազգային վարչութեան անմիջական հսկողութեան ներքեւ եւ դպրոցաշէն մեր բարերարներուն եւ ժողովուրդին քաջալերանքով ու նեցուկով, վստահ ենք, որ Պուրճ Համուտի մէջ կառուցուած Ազգային նոր վարժարանը իր ատենին պիտի բանայ իր դռները եւ ներկայ վարժարանները փոխարինելով ստանձնէ գալիք տասնամեակներուն համար հայ դպրոցին կատարելիք ազգաշէն ու սերնդապահ առաքելութիւնը:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

Յաջորդը

Ռուսիա Եւ Կիպրոս 2.5 Միլիառ Եւրոյի Վարկի Նոր Պայմաններու Վերաբերեալ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.