Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` Ազգային վարժարաններու ամավերջի հանդէսներուն կը հնչէ «Congratulations» երգի փոխարէն հայերէն լեզուով շնորհաւորական երգ մը, որուն հեղինակը Շահանդուխտն է:
Անցեալ տարի, յունիս 2012-ին Ազգ. Ս. Քառասնից Մանկանց վարժարանի ուսուցչակազմին մտայղացումով, խումբ մը աշակերտներու երգեցողութեամբ եւ Սարօ Թորիկեանի օժանդակութեամբ, արձանագրուեցաւ շրջանաւարտներու շնորհաւորութեան յատուկ երգ, որ ներկայիս կը հնչէ բոլոր հանդէսներու աւարտին` ազգային վարժարաններու մէջ:
Ինչո՞ւ հնչեցնենք օտար երգը, երբ կարելի է ունենալ անոր հայերէն տարբերակը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք երգին բառերը.
Շրջանաւարտ ենք, մենք շատ ուրախ ենք,
Ծափ ու ծաղիկներ, սիրոյ մաղթանքներ,
Թող ճամբայ բանան մեր յաջողութեան,
Յաղթանակը մեր շնորհաւոր ըլլայ:
Երգենք ու պարենք, օր է տօնական,
Յաղթանակը մեր շնորհաւոր ըլլայ,
Շնորհակալ ենք մենք, սիրելի դպրոց,
Ձեզ ուսուցիչներ եւ մեր ծնողներ:


