Իր լուրը քաղելով Չելսիի մամլոյ քարտուղարութենէն` «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ հոլանտացի միջնապահ Մարքօ Վան Կինքել Վիթես Առնհեմէն միացաւ լոնտոնեան ակումբին` Չելսիի, հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ:
Ներկայիս 20 տարեկան Կինքել Հոլանտայի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր առաջին մրցումը կատարեց 2009-2010 տարեշրջանին, երբ 17 տարեկան էր:
Ան նախորդ տարեշրջանին 41 մրցումի ընթացքին նշանակելով 11 կոլ օգտակար դարձաւ, որ իր կազմը ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւէ 4-րդ դիրքը եւ ապահովէ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի իր տոմսը:


