Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան Panarmenian.net լրատուական կայքէջին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերուն մէջ այս պահուն մարտական գործողութիւններ չեն ընթանար` աւելցնելով սակայն, որ «ասիկա չի նշանակեր, որ քանի մը վայրկեան անց պայթիւններն ու ռմբակոծումները պիտի չվերսկսին: Իսկ անոնց ընթացքին մարդկային եւ նիւթական կորուստները անսպասելի են»:
Ան տեղեկացուց, որ վերջին հրթիռարձակումներէն վիրաւորուած 3 հայերը հիւանդանոցն են, անոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է:
Յայտնենք, որ Հալէպի հայկական թաղամասերը 5 յուլիսին ամբողջ օրը ծանր հրթիռարձակումի ենթարկուած են: Մեծ թիւով հրթիռներ արձակուած են յատկապէս Սուլէյմանիէ, Նոր Գիւղ եւ Աշրաֆիէ շրջաններուն ուղղութեամբ: Այդ հրթիռարձակումներուն ընթացքին վիրաւորուեցան 3 հայերը:


