Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Նորակառոյց «Ալեքսան Եւ Արաքսի Գլպաշեան» Կազդուրման Կայանի Հանդիսաւոր Բացում

July 8, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբին, երէկ` կիրակի,  7 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի նորակառոյց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի բացման հանդիսութիւնը:

Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, գիւղի հոգեւոր  հայրերը, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետները, Գլպաշեան ընտանիքի անդամները, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները,  պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հիւրեր:

Բացման խօսքը արտասանեց ընկերային յանձնախումբի ատենապետ Մարօ Թազեան, որ յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց  Գլպաշեան ընտանիքին, որուն ազնիւ բարերարութեան շնորհիւ կարելի եղաւ «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի կառուցման իրականացումը: Ան ըսաւ. «Դիւրին  չեղաւ այս կեդրոնը կեանքի կոչելը, բարերար ընտանիքին եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի ընկերուհիներուն յարատեւ աշխատանքին շնորհիւ նախաձեռնութիւն մը կը դառնայ իրագործելի, եւ մենք այսօր կ՛ապրինք հոգեկան ցնծութեան եւ պարծանքի պահեր»:

 

 

 

 

 

 

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի պատմականը ներկայացուց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան` անդրադառնալով առանց խտրութեան ազգին բոլոր զաւակներուն նկատմամբ միութեան տարած աշխատանքներուն եւ ծառայութիւններուն: Ան կատարեց նաեւ ԼՕԽ-ի կազդուրման կայանի նախաձեռնութեան պատմականը` ընդգծելով անոր նպատակը, որուն միջոցով փոքրիկները ոչ միայն կը կազդուրուին, այլ նաեւ ԼՕԽ-ի հայապահպան նպատակին շնորհիւ անոնք տուն կը վերադառնան դաստիարակիչ եւ կենցաղավարական գիտելիքներու կողքին ազգային եւ մշակութային ժառանգութեամբ հարստացած:

Մարօ Չոքաքլեան
Մարալ Յովհաննէսեան

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Մարօ Չոքաքլեան։ Ան  բարձրօրէն գնահատեց եւ գոհունակութեամբ ողջունեց Այնճար հայաւանին մէջ, ԼՕԽ-ի սեփական հողաշերտին վրայ բարձրացած, լիբանանահայ փոքրիկներու համար կազդուրման կայանի կառուցման ծրագիրի իրականացումը, որ կարելի եղաւ Գլպաշեան ընտանիքի բարերարութեան շնորհիւ:

Ան շարունակեց ըսելով, որ այս կայանը պիտի ըլլայ ոչ միայն նոր սերունդի ֆիզիքական բարելաւման ազդակ, այլ նաեւ հայեցի դաստիարակութեան եւ հայ մշակոյթին ծանօթանալու կեդրոն մը:

Յակոբ Գլպաշեան բարերար ընտանիքին անունով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան այս ծրագիրին յաջողութեան եւ իրագործման: Ան ըսաւ, որ այս կեդրոնի կառուցումը եղած է իրենց երկար տարիներու փափաքը` ի յիշատակ իրենց ծնողներուն:

Ան շարունակեց ըսելով, որ իրենց փափաքն է ստեղծել կեդրոն մը, ուր հաւաքուին սփիւռքի փոքրիկներն ու  երիտասարդները եւ վերանորոգեն իրենց ազգային արժէքներն ու սկզբունքները:

Յակոբ Գլպաշեան
Գեղամ արք. Խաչերեան

Այնուհետեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր պատգամին մէջ նկատել տուաւ, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը հիմնուեցաւ, երբ հայ ժողովուրդը կ՛ապրէր ճգնաժամային պահեր, ան հոգաց, կը շարունակէ հոգալ եւ օգնութեան ձեռք երկարել հոն, ուր ժողովուրդի զաւակները կարիք ունին օգնութեան: Ան նաեւ ընդգծեց, որ ԼՕԽ-ի կազդուրման կայանը հաստատութիւն մըն է, որ կը հոգայ գաղութի փոքրերուն հայաշնորհ աճումը եւ դաստիարակութիւնը` դարձնելով զանոնք մեր ազգին առողջ տառերը: Ան յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց Գլպաշեան ընտանիքի անդամներուն, որոնք յարգեցին իրենց խոստումը` փոխանցելով մեզի այս կեդրոնը, իբրեւ յարգանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Սրբազան հայրը իր խօսքը աւարտեց գնահատելով Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն եւ քաղաքապետութիւնը, որոնք դժուար եւ ուրախ օրերուն կ՛ընդունին եւ կը հիւրասիրեն բոլոր հայորդիները` հոգալով անոնց պէտքերը:

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը աւարտեցաւ  հոգեւոր պետերու  աղօթքով եւ օրհնութեամբ:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ` Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովները Կը Սկսին Իրենց Աշխատանքին

Յաջորդը

Ակնարկ. Թուրքիան Եւ Եգիպտական Զարգացումները

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը

November 28, 2026
9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Գաղութային

47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ

November 28, 2026
Համազգայինը Կը Մեծարէ Հայ Ճեմարանի Վաստակաշատ Կրթական Մշակները
Գաղութային

Համազգայինը Կը Մեծարէ Հայ Ճեմարանի Վաստակաշատ Կրթական Մշակները

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։