Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Յայտարարութիւնը Եւ Պահանջատիրութեան Թակարդը

July 8, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Պաշտօնական ժողովներու աշխատանքներու աւարտին սովորութիւն դարձած է հրատարակութեան տալ յայտարարութիւններ, որոնցմով կը ներկայացուին հետագայի հաշուոյն մշակուած ծրագիր(ներ)ի նախագիծը կամ որդեգրուած սկզբունքներուն խտացումը:

Այդօրինակ յայտարարութիւնները, ընթերցող հանրութիւնը լուսաբանելու նպատակին հետ,   ենթակայ մարմիններուն, վարչական կառոյցներուն եւ ուղեկից կազմակերպութիւններուն համար կը հանդիսանայ առաջիկայի գործունէութեան ուղեցոյցը:

Արդեօք այդ մարմիններն ու վարչութիւնները նկատի կ՛առնե՞ն տրուած ցուցմունքը եւ համապատասխանաբար աշխատանքի յայտագիր կը պատրաստե՞ն, թէ՞ ոչ,  խնդիր չի դրուիր հոս եւ  ներկայ գրութեան նիւթն ալ այդ չէ արդէն:

Խնդիր է սակայն, եւ յաւելեալ լուսաբանութեան կարիքը զգացուի թերեւս, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին ու այդ առիթով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին կողմէ  մամուլին յանձնուած յայտարարութիւնը, որուն թիւ 5 պարբերութեան մէջ կը կարդանք. «… Միանգամայն մեր սպասումն է, որ Հայաստանը եւ սփիւռքը իր մէջ ներառող ու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հովանաւորութիւնը վայելող այս (100-ամեակի պետական) յանձնաժողովը սոսկ ձեռնարկները «համակարգող» մարմին չդառնայ, այլ որոշակի ու յստակ որոշումներ տայ` յատկապէս մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը շեշտող ու համայն աշխարհին յիշեցնող…»:

Մարտահրաւէրի շեշտով ու դրուածքով  100-ամեակի պետական յանձնաժողովէն այս «սպասումը» ակնկալելի էր ու տրամաբանական այն պատճառով, որ հակառակ նշանակումէն երկու տարի անցած ըլլալուն եւ հակառակ ժողովական նիստեր գումարած ըլլալու արձագանգումներուն` նոյնիսկ իբրեւ «համակարգող» մարմին իր ներկայութիւնը զգալի չդարձուց ան: Հանրութիւնը չէ իրազեկուած տակաւին, թէ 100-ամեակի յանձնաժողովը ի՛նչ կը մտածէ, ի՛նչ կ՛ընէ, համահայկական տարածքով համադրելի աշխատանքներու ձեռնարկա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Եթէ նոյնիսկ ծրագիրները «գաղտնի» պահելու խնդիր մը կայ, կ՛ակնկալուէր, որ գէթ 100-ամեակի սկզբունքային հետամտութիւնը յստակացուէր  եւ անիկա հրապարակուէր կամ յղուէր գաղութներու մէջ կազմուած ենթայանձնաժողովներուն` իբրեւ տնօրինուած ուղղուածութիւն (directive):

Տարբեր օրերու մէջ եւ տարբեր պարագաներու տակ առնուազն տարօրինակ պիտի թուէր  Ազգային ընդհ. ժողովի «Սպասումը» այն մասին, որ յանձնաժողովը «Մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը շեշտող ու համայն աշխարհին յիշեցնող» մարմին դառնայ:

Մենք պիտի չզարմանանք, եթէ «մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը շեշտող» մարմին չկամենայ դառնալ  Հայաստանի նախագահին հովանաւորութեամբ գործող յանձնաժողովը, քանի որ Հայաստան-Թուրքիա ամօթալի արձանագրութիւններու թակարդին  ճնշիչ ստուերը եւ…  «պետական մտահոգութիւնները»  կը կաշկանդեն Սերժ Սարգսեանին գործելու ազատութիւնը:

Պահանջատիրութիւնը կը հակադրուի արձանագրութիւններուն եւ, փոխադարձաբար,  արձանագրութիւնները մերժումն իսկ են պահանջատիրական տրամաբանութեան:

Խնդիր է տակաւին, որ 100-ամեակի սեմին, պահանջատիրութեան հանգրուանը եկած  համարելով հանդերձ,  «Ի՞նչ է ձեր պահանջածը»  պարզ հարցումին պատասխանը  չենք յստակացուցած: Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի այնպիսի պատասխանի, որուն շուրջ համազգային նուազագոյն համախոհութիւն մը  գոյացած ըլլայ:

Զգո՜ւշ:

Անորոշ իմացումով պահանջատիրութիւնը կրնայ թակարդ մը դառնալ մեզի համար, այնքան ատեն որ չի յստակացուիր, թէ ի՛նչ կը պահանջուի:

Այնքան ատեն որ  ի զօրու կը մնան տխրահռչակ արձանագրութիւնները, անհաւանական չէ, որ չյստակացուած «պահանջատիրութեան» տրուի   նիւթական ու բարոյական հատուցումի մը բովանդակութիւնը միայն:

 

Նախորդը

Մեր Առօրեայէն. Ո՞վ Է Օրինակելին

Յաջորդը

Յամեցող Հարցականներ, Յապաղող Վերանայումներ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.