Ռուսիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Քուպան Քրասնոտարի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ ֆրանսացի յառաջապահ Ճիպրիլ Սիսէ միացաւ խումբին:
31 տարեկան Սիսէ, որ նախորդ ամիս լքեց իր կազմը` Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզը, մէկ տարուան սկզբնական պայմանագրութիւն մը ստորագրեց` յաւելեալ մէկ տարիով երկարաձգելու նպատակով այդ մէկը:
Քուպան, որ նախորդ տարեշրջանին հանդիսացաւ հինգերորդ` ընդհանուր դասաւորման մէջ, իրաւունք ստացաւ իր մասնակցութիւնը բերելու «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն:


