Եմէնի ժողովրդային ըմբոստութեան զօրավիգ կանգնող եմէնեան բանակային ուժերու հրամանատարութիւնը երէկ իր թիւ մէկ թուակիր հաղորդագրութեան մէջ Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհը ամբաստանեց ահաբեկչական կազմակերպութիւններու զօրավիգ կանգնելու յանցանքով: Նախկին պաշտպանութեան նախարար Ապտալլա Ալիի կողմէ կարդացուած հաղորդագրութիւնը նաեւ Սալեհը կ՛ամբաստանէ եմէնեան զինեալ ուժերը մասնատելու եւ զօրանոցներէ հեռանալով զանոնք խուլիկաններու յանձնելու յանցանքով:
Հաղորդագրութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Եմէնի պաշտպանութեան նախարարին, սպայակոյտի պետին, ինչպէս նաեւ այլ պաշտօնատարներու, որոնք մերժեցին բանակը մասնատելով անոր տարբեր մասերուն միջեւ բախումներ հրահրելու Սալեհի հրամաններուն ենթարկուիլ:
Հաղորդագրութիւնը Եմէնի զինեալ ուժերուն կոչ ուղղեց` Եմէնի ժողովուրդի խաղաղ ըմբոստութեան միանալու:
Միւս կողմէ, հարաւային Եմէնի Ապին նահանգի մայրաքաղաք Զանժիպար քաղաքը 18 զոհ պատճառած արիւնալի բախումներէ ետք գրաւուեցաւ Քայիտայի զինեալներուն կողմէ: Եմէնեան ընդդիմութիւնը Սալեհի կառավարութիւնը ամբաստանեց եմէնեան եւ միջազգային հանրութեան մէջ սարսափի մթնոլորտ ստեղծելու համար շրջանը Քայիտայի զինեալներուն «յանձնելու» յանցանքով: Քայիտայի 200 զինեալներ քաղաք ներխուժելով գրաւեցին զայն:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Քայիտա կը փորձէ Եմէնի մէջ անկայունութիւնը օգտագործել: Անոնք վստահեցուցին, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն եւրոպացի եւ ծոցի շրջանի գործընկերներու հետ սերտ կերպով գործակցիլ` Սալեհը Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութիւնը ստորագրել մղելու համար անոր վրայ յաւելեալ ճնշումներ գործադրելու կարելիութիւնները քննարկելու համար:
Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Եմէնի կառավարութիւնն ու Հաշետ ցեղախումբի ցեղապետ շէյխ Սատեք Ահմար բախումներու դադրեցման շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացուցած են: Սակայն Սալեհի խորհրդականը «Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին հերքեց այդ լուրը:


