ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Պաքուի ֆութպոլի ակումբի նախագահ Հաֆիզ Մամետով կ՛ուզէ, որ ազրպէյճանցի ֆութպոլիստներուն մասին նոյնքան շատ խօսին, որքան կը խօսին հայ ֆութպոլիստներուն մասին:
Մամետով նշեց նաեւ, որ մօտիկ ապագային ազրպէյճանցի երիտասարդ մարզիչներն ու ֆութպոլիստները պիտի մեկնին Մատրիտ` Աթլեթիքոյի հետ վերապատրաստութիւն կատարելու համար:
«Ատիկա սպանացիներուն հետ մեր համագործակցութեան ծրագիրին մէջ է: Մատրիտ պիտի մեկնին նաեւ մեր ակումբի 5-10 երիտասարդ ֆութպոլիստները: Կ՛ուզեմ, որ անոնք ոչ միայն ֆութպոլ խաղալ սորվին, այլեւ կրթութիւն ստանան: Երբեմն շատ յաճախ կը խօսին հայ ֆութպոլիստներուն տեղափոխութեան մասին: Իսկ ինչո՞ւ ազրպէյճանցի ֆութպոլիստները այսպիսի աղմուկ չբարձրացնեն», կ՛ըսէ Մամետով:
Նշենք, որ անոր խօսքը աւելի կը վերաբերէր Հենրիխ Մխիթարեանին փոխանցումին:


