Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երբ Մարդ Կը Հեռանայ Բնութենէն, Իր Բնականոն Կեանքէն Դուրս Կը Մնայ» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Արուեստագէտ Շահէ Տէր Յարութիւնեան

July 4, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագէտ Ռոզվարդ Սիսեռեանի, տեղի կ՛ունենայ Շահէ Տէր Յարութիւնեանի «Երազային Հայաստան» թեմայով ցուցահանդէսը: Արուեստագէտը սերամիք օքսիտ եւ ջնարակով կը ներկայացնէ 36 արուեստի գործեր:

Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ արուեստագէտին հետ:

Արուեստագէտը յայտնեց, որ ստեղծագործելու ցանկութիւնը մանուկ տարիքէն արդէն կը յառաջանայ: Կարգ մը գեղանկարիչներ ուշ կը սկսին ստեղծագործելու, բայց ընդհանրապէս տաղանդը ի յայտ կու գայ մանուկ տարիքէն:

«Իմ ներաշխարհս կանուխ տարիներուն արդէն ակնյայտ էր, եւ երբ ուսանելու գացի Հայաստան, ներշնչման աղբիւրս եղաւ Հայաստանի բնաշխարհը, ինչու չէ մարդը նաեւ, որ բնութեան մէկ մասն է: Մարդ- բնութիւն փոխադարձ յարաբերութիւնները, մարդու տեղը աշխարհի մէջ: Առանձնապէս նշանակութիւն կու տամ բնութենէն մարդու անքակտելի մասին: Այսօր արդէն մարդիկ հեռացած են բնութենէն, ինչ որ շատ վատ է: Երբ մարդ կը հեռանայ բնութենէն, իր բնականոն կեանքէն դուրս կը մնայ եւ այդ գեղեցիկ զգացումը կամաց- կամաց կը պակսի», մեր զրոյցին ընթացքին յայտնեց Շահէ Տէր Յարութիւնեան եւ շարունակեց. «Ամէն ինչ խտացուած է բնութեան մէջ, բոլոր գեղանկարիչները կ՛օգտուին, աւելի ճիշդ` տպաւորութիւնը կը ստանան, եթէ ոչ անմիջապէս բնութիւնը կը նկարեն: Անպայմանօրէն բնութենէն կ՛առնեն ինչ որ պէտք է եւ ետքը իրենց ձեւով կը ստեղծագործեն»:

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ սերամիքի վրայ կը ստեղծագործէ, արուեստագէտը յայտնեց, որ շատ պայմանական է այս ընտրութիւնը, նոյն գործերը կարելի է կտաւի կամ խաւաքարտի վրայ աշխատիլ, պարզապէս սերամիքը հետաքրքրական է այն առումով, որ տարբեր արդիւնք կ՛ունենայ, ոչ ուրիշ նիւթերու պէս: Այսինքն` իւղաներկը չի տար այն արդիւնքը, ինչպէս սերամիքը, եւ աւելցուց, որ սերամիքը շատ կարելիութիւններ ունի ներկայացնելու գիծերը աւելի յստակ ձեւով:

Անդրադառնալով գոյներու աշխարհին`  արուեստագէտը նշեց, որ գոյներու աշխարհը, գոյներու բազմազանութիւնը արդէն բնութեան մէջ կայ, երբ ստեղծագործողը կը համադրէ (Համադրելը տարբեր է եւ բնութեան մէջ եղած գոյները տարբեր են): Եթէ բնութեան մէջ եղածը նոյն ձեւով ընդօրինակուի, լուսանկարչութիւն է: Բայց երբ ստեղծագործական ձեւով գոյները համադրուին, իրենց մեծ նշանակութիւնը կ՛ունենան. այսինքն` արժէք կ՛ունենան այն առումով, որ անհատի, արուեստագէտի ստեղծագործական մօտեցումն է:

Ան ըսաւ. «Կ՛արտայայտուիմ գոյներով, երբեմն վառ գոյներով եւ երբեմն մեղմ գոյներով, այդ մէկն ալ այդ պահու, վայրկեանի տպաւորութեան հետեւանքն է, եւ անշուշտ բնանկարի կամ այդ տուեալ ստեղծագործութեան ընդհանուր ազդեցութիւնը այդ տարածքին վրայ»:

Բացատրելով սերամիքի եւ կտաւի վրայ ստեղծագործելու յատկանիշները, ան ըսաւ, թէ երբ նիւթը կը տարբերի, այսինքն, երբ կտաւ եւ իւղաներկ չկայ, կը ստիպուի մտածել տարբեր ձեւով: Այսինքն, կառուցուածքային ձեւով կը տարբերի իւղաներկէն: Կառուցուածքով կ՛ըլլայ աւելի ծաւալատարածական, քան վրձնահարուածներով:

Այս ցուցահանդէսին առիթով Տէր Յարութիւնեան ըսաւ, թէ ուրախանալի երեւոյթ է իրեն համար, որ անիկա կը կազմակերպուի Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ: Թեմայի ընտրութիւնը նաեւ այս միջավայրին մէջ իրեն համար յատուկ նշանակութիւն ունի: Վերջաւորութեան ան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցասրահի տնօրէնութեան ու աշխատակազմին եւ գնահատեց անոնց ներդրումը նոր տաղանդներ քաջալերելու ու յայտնաբերելու առաքելութեան մէջ:

 

Նախորդը

«Եուրոփա Լիկ». Հայկական Երեք Խումբեր Այսօր Մրցում Ունին Կատարելիք

Յաջորդը

Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.