Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմենակ, «Շողակաթ» Մկրտութիւն Եւ Միւռոն

July 3, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի հեռատեսիլը միշտ ալ անակնկալներ կը վերապահէ, որոնք կը յուզեն Արմենակը, երբեմն ալ կը մղեն ընդվզումի: Յունիս 27-ի երեկոյեան, երբ ցերեկի տօթէն ետք Լիբանանի լեռները կը դիտէի, ուր անտառներու կանաչը ամէն օր քիչ մը աւելի ճաղատ կը դառնայ, բջիջային հեռախօսին զանգը զիլ հնչեց:

– Մակա՛ր, բարեւ, մենակեացի հանգիստդ պիտի խանգարեմ: Դիտեցի՞ր Հայաստանի հեռատեսիլը:

– Գիտես, որ շատ բարեկամ չեմ աղմուկի: Եթէ կը հեռաձայնես Էյֆելեան աշտարակի քաղաքէն, լուրջ բան մը պատահած ըլլալու է: Ըսէ՛, կը լսեմ:

– Լաւ է, Հայաստանի մէջ մեր կրօնական աւանդութիւնները վերականգնելու ուղղութեամբ աշխատանք կը կատարուի: Եկեղեցական մը կը բացատրէր մկրտութիւն, դրոշմ, միւռոն, միւռոնի պատրաստութիւն:

– Գո՛հ եղիր, յիշողութիւնը կը վերականգնեն:

– Բայց այդ բացատրող տէրտէրը կամ վարդապետը կա՛մ իր եկեղեցիին պատմութիւնը չէր գիտեր, կա՛մ «սովետ»-ի օրէն մնացած եւ տեւող «ագիտացիա» կ՛ընէր: Այդ հեռատեսիլի տնօրէնութիւնն ա՛լ կամ նախապէս չի դիտեր այն, ինչ որ կը պատկերասփռուի, կա՛մ ան ալ չի գիտեր պատմութիւն, եւ աւելի վատ, ան ալ ժամանակավրէպ «ագիտացիա» կ՛ընէ:

– Արմենակ, չըսե՞ս` ի՛նչ պատահեցաւ: Հիչքոքեան «սեսփենս» մի՛ ըներ:

– Այդ թաւ պեխ-մօրուքով տէրտէրը կամ վարդապետը բացատրեց միւռոնի պատրաստութիւնը, հոգեպարար արարողութիւնը: Բայց յանկարծ, չես գիտեր` ո՞ր մոծակը խայթեց զինք, ըսաւ, որ միւռոնը կ՛օրհնէ «Ամենայն հայոց կաթողիկոս»-ը, ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, որ «Ամենայն հայոց հայրապետը» միայն կ՛օրհնէ եւ կը սրբացնէ սուրբ միւռոնը: Հայաստանի ժողովուրդը եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ինչո՞ւ չըսաւ, որ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ամենայն հայոց հայրապետ»-ը եւս միւռոնը կը սրբացնէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի աջով:

– Սիրելի Արմենակ, մեր կեանքի հակասութիւններուն եւ զարտուղութիւններուն ցանկին վրայ այս մէկն ալ դի՛ր, ցանկը կարդա՛ եւ կը դադրիս զարմանալէ:

– Մակա՛ր, եթէ այդ տէրտէրը կամ վարդապետը այս տարրական բաները չի գիտեր, ամօթ է բոլորիս, իսկ եթէ գիտակցաբար կ՛անգիտանայ, կրկնակի՛ ամօթ իրեն… եւ ուրիշներու, որոնք կ՛անդրադառնան այդ անգիտացման եւ Զաքարիա կ՛ըլլան… անո՛նց ալ ամօթ: Գրէ՛, Մակար, գրէ՛, ժողովուրդը գիտնալու իրաւունք ունի, որպէսզի յառաջդիմէ եւ միասնութիւն կերտուի:

Ինչպէ՞ս կրնայի մերժել անկրկնելի եւ անզուգական Կեդրոնականցիին բաղձանքը:

ՄԱԿԱՐ

Ի Պերիտոն, 28 յունիս 2013

 

Նախորդը

Ծպտեալ Եւ Իսլամացած Հայերի Խնդրի Արծարծումը Թուրքական Մամուլում

Յաջորդը

Յետադարձ Հայեացք Համազգայինի Պատգամաւորական Ժողովին Ու Համախմբմանը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.