Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ժապաւէննե՞ր… Թէ՞ Ախտերիզներ

July 2, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ

Թող ներեն ինծի հայագէտներ-բառագէտները` հայերէն այս բառին համար` «ախտերիզ», որ պիտի նշանակէ պատկերասփիւռներու պաստառներուն վրայ երեւցող այն տեսարանները, որոնք պարզ կամ գծանկար (քարթունզ) անուան տակ իբրեւ նորութիւն կը բերեն կամ գիտական-երեւակայական պատմութիւններ կը հիւսեն այնքան պժգալի եւ նողկալի պատկերներով, որ շատ անգամ ոճիրներու եւ վախազդու դէմքերով այլ մոլորակներէ եկած էակներ ըլլալը հաւատացնել կ՛ուզեն կարծէք:

Այդ ախտերիզները դիտելով` կը տեսնէք, որ մարդկութեան տրամաբանութիւնը եւ ճաշակը այնքան վատթարացումի եւ մակարդակի անկման կ՛ուզեն տանիլ, որ այդպիսի գաղափարներ եւ տեսարաններ պատրաստելու եւ ցուցադրելու համար միլիոններ կը ծախսեն ու ժամանակ կը տրամադրեն, իսկ ժապաւէն արտադրող ընկերութիւնները համայն աշխարհին կը տարածեն զանոնք:

Դժբախտաբար վերոյիշեալ ժապաւէններու շարքին տիրական են առաւելաբար մանուկներուն եւ պատանիներուն յատուկները. անոնք կը սպասեն այս ժապաւէններուն սփռուող ժամերուն` մոլի դառնալով անոնց: Կան նաեւ նման ժապաւէններ Սի. Տի.ներու վրայ արձանագրած եւ ծախող խանութները, որոնք խճողուած կ՛ըլլան զիրար հրմշտկող եւ պահանջող յաճախորդներով, պատերազմի ատեն հաց սպասողներու նման: Կան պատանիներ ալ, որոնք իրենց անձնական հեռաձայնին վրայ կ՛արձանագրեն եւ իրարու դիտել կու տան կամ կը փոխանցեն հպարտօրէն:

Յիրաւի պէտք է մեղքնալ այդ ոչխարամիտ կամ պարզամիտ անձերուն` մեծ կամ փոքր, որոնք կ՛ուզեն այդ ախտերիզները դիտել կամ գնել ու դրամ վճարել անոնց համար. արդեօք պահ մը կը մտածե՞ն, թէ ի՛նչ օգուտ կամ նպատակ ունին անոնք: Աւելի արդիւնաւոր կ՛ըլլար ժամանակ տալ իրենց նախասիրած ազնուացնող զբաղումի մը, արժէքաւոր այցելութեան մը. կամ դպրոցականներու պարագային` դաս պատրաստելու, քան թէ այդ ախտերիզները դիտելով` իրենց մտային եւ հոգեկան յիշողութեան վրայ տպաւորել միայն տգեղ եւ անճոռնի տեսարաններու շարանը, որ մանաւանդ նոր սերունդին երեւակայութիւնը կը խանգարէ ու զանոնք ախտավարակ կը դարձնեն` իբրեւ նորութիւն:

Այս պարագային այս «ժապաւէնները» արտադրող անձերը եւ ընկերութիւնները չեն միայն յանցաւորները, այլ նաեւ` զանոնք ստացողները եւ իրենց կայաններուն վրայ ցուցադրողները, իսկ դիտողները` միամիտ չափահասներ եւ մանուկները, կ՛ըլլան զոհերը միջազգային չարամիտ կազմակերպութիւններուն, որոնց բուն նպատակն է մարդոց ժամանակը անօգուտ դարձնել եւ նորահաս սերունդներուն գիտակցութիւնը աւելորդ եւ սխալ տեղեր փոխադրել` փոխանակ մաքուր, զուտ գիտական նիւթերու ծանօթացումի եւ իրական յառաջդիմութեան ձգտելու խայծ տալու, նաեւ` գեղեցիկ ու բնական տեսարաններու ընդմէջէն աչքի եւ հոգիի ճաշակը զարգացնելու:

Կը մաղթենք, որ վարժարաններ եւ ծնողներ այս կարեւոր եւ կենսական երեւոյթը նկատի առնելով` շինիչ աշխատանք եւ նոյնիսկ պայքար տանին այս ուղղութեամբ, առաջքը առնելու տակաւ ընդհանրացող այս ախտին:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայը Կ՛ապրի Միայն Իր Բնօրրանին` Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Զրոյց Ատրուշան Արմէնեանի Հետ. Միացեալ Նահանգներու Նեւատա Շրջանի Հայութիւնը Կազմակերպչական Աշխուժ Աշխատանք Կը Տանի

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.