Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անահիտը Յանկարծակի Մեկնեցաւ. (Անահիտ Արսլանեան-Մխճեանի Անժամանակ Մահուան Առիթով)

June 29, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Չկայ այլեւս այդ ժպտուն դէմքը, որ բոլորին կը շողշողար: Անոր ժպիտը անմեղ էր ու խաղաղ: Կարծէք, թէ Անահիտը կեանքի դժուարութեանց ծալքերը լաւ ուսումնասիրած էր եւ չէր ընկրկեր նեղութիւններու դիմաց: Հանդարտօրէն կը դիմագրաւէր ամէն տեսակ անակնկալ` իր շուրջիններուն ալ հանգստութիւն ներշնչելով: Անահիտ իր կողակիցին` Ներսէս Մխճեանի կողքին էր միշտ, ամէն բանի մէջ: Միշտ միասին էին անոնք, մանաւանդ` մշակութային ձեռնարկներու: Վսեմ եւ ազնիւ գաղափարներու հաւատացող անձ մըն էր Անահիտ: Ան հաստատ կեցուածք ունէր իրաւազրկուածին եւ արդարին կողքին, որքան ալ տկար ըլլար զոհը: Անարդարութեան դէմ խիզախօրէն պոռթկացող հայ մը…:

Անահիտ յաճախ կ’այցելէր իր մօրաքրոջ` վաստակաշատ գրող եւ ուսուցչուհի Լուսին Թապագեանին: Անոնք կարծիքներ կը փոխանակէին իրարու հետ: Հայ ազգին եւ եկեղեցւոյ բարեզարդման համար ոչ մէկ ճիգ կը խնայէին ու միասնաբար կ’օժանդակէին մշակութային ձեռնարկներու:

Բազմաթիւ անգամներ Անահիտին կը հանդիպէի մեր տան ճամբուն վրայ, եւ մտերիմ խօսակցութիւն կ’ունենայինք փոխադրամիջոցին մէջ: Հաճելի անձնաւորութեան տէր այս կինը միշտ իր խօսակիցը կը մխիթարէր ու կը հանգստացնէր: Յաճախ զինք կը տեսնէի աղքատներու եւ սգաւորներու այցելութեան ընթացքին:

Անահիտի անժամանակ մահուան գոյժը շանթահար ըրաւ մեզ բոլորս: Խոր յուզումով հողին յանձնեցինք անոր մարմինը` գիտնալով, թէ այլեւս զայն պիտի չտեսնենք…:

Այս վշտալի առիթով կը ցաւակցիմ ամուսնոյն` Ներսէս Մխճեանի, հարազատին` Սեպուհ Մխճեանին, մօրաքրոջ` Լուսին Թապագեանին, եղբօր` Գէորգ Արսլանեանին, սիրեցեալ քոյրերուն` Զապէլին, Մարոյին եւ Ազնիւին, ինչպէս նաեւ բոլոր հարազատներուն ու սիրելիներուն:

Ցտեսութիւն սիրելի՛ Անահիտ, քանզի մահը ժամանակաւոր է…:

Յիշատակդ վառ մնայ:

 

 

 

Նախորդը

Մորթային Հիւանդութիւններ

Յաջորդը

ԻԱ. Դարը Եւ Դպրեվանքին Առաքելութիւնը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.