Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երանի Թէ Վարչապետ Էրտողան Կարենար Հրաժարիլ Գրիգոր Վարպետին Զօրանոցը Վերակառուցելէ»

June 26, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիւնայ

Արդարութեան եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութեան մշակոյթի նախկին նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ, որ այս օրերուն կառավարութեան դէմ յայտարարութիւններ կ՛ընէ ու կերպով մը կը զօրակցի Թաքսիմի ցուցարարներուն, շարունակ պատգամներ կը փոխանցէ Թուիթըրի միջոցով: Այս անգամ ալ ան դէմ եկաւ վարչապետ Էրտողանի քաղաքականութեան եւ ըսաւ.

«Հիմա ժամանակն է, որ այս լարուած մթնոլորտը մեղմացնելու շարժումներ կատարուին: Ի՛նչ լաւ կ՛ըլլար, որ առաջնորդ մը, որ իր կռնակը առած է ժողովուրդը, երիտասարդութեան ըսեր, որ ինք ծառերուն տէր կը կանգնի եւ հոգ չէ, Գրիգոր վարպետին զինուորական զօրանոցէն ալ կրնայ հրաժարիլ»:

Էրթուղրուլ Կիւնայի կողմէ յիշուած Գրիգոր Վարպետը ճարտարապետ Գրիգոր Պալեանն է, որ ոմանց համաձայն, ճարտարապետն է 1789 թուականին սուլթան Սելիմ Գ.ի շրջանին Գափըգուլուի զինուորներուն համար կառուցուած զօրանոցին: Բայց ուրիշներ ալ, նկատի առնելով, որ շէնքը կառուցուած է արեւելեան ոճով, անհաւանական կը նկատեն, որ Պալեանը ըլլայ անոր ճարտարապետը: Շէնքը, որ «Թոփչու քըշլասը»  կոչուած էր, կը գտնուէր հոն, ուր հիմա կը գտնուի Կեզի հանրապարտէզը: Զօրանոցը փլցուեցաւ կուսակալ Լիւթֆիւ Գըրտարի օրով, 1940 թուականին: Շէնքը գեղարուեստական արտակարգ գեղեցկութիւն ունէր ու կառավարութիւնը այդ շէնքն է, որ հինի բնօրինակով բարձրացնել կ՛ուզէ Կեզի հրապարակին տեղ:

Նախորդը

Բողոքի Ձայն Մը` Վերջին Անցուդարձերու Լոյսին Տակ. «Ամէն Կողմ Թաքսիմ Է, Բայց Ինչո՞ւ Ամէն Կողմ Վան Ու Մարտին Ալ Չէ»

Յաջորդը

Էրտողանի Հասկցած «Ժողովրդավարութիւն»-ը Եւ Նոր Աշխարհակարգի «Ժողովրդավարական» Երկդիմութիւնը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.