Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դամասկոս Արտաքին Լուծում Պիտի Չընդունի, Եւ «Ժընեւ-2»-ին Իշխանութիւնը Յանձնելու Համար Չենք Երթար» Կ՛ըսէ Մոալլեմ

June 25, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուալիտ Մոալլեմ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ յայտարարեց, որ իր երկիրը «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցութեան հարցով լուրջ է, սակայն երբեք արտաքին որեւէ լուծում պիտի չընդունի: «Արտաքին որեւէ լուծում, որ մեզի կը պարտադրուի, երբեք պիտի չընդունինք եւ մինչեւ իսկ արտաքին աշխարհէն եկող գաղափարներ պիտի չընդունինք, իսկ երկխօսութիւնը սուրիացիներուն միջեւ պիտի ըլլայ` արտաքին ընդդիմութիւնը, ներքին ազգային ընդդիմութիւնը եւ մենք պիտի կառուցենք Սուրիան», ըսաւ ան:

«Կը յուսանք, որ Ժընեւի խորհրդաժողովի հովանաւորներ Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը անոր գումարման համար անհրաժեշտ մթնոլորտ կը պատրաստեն, մենք չենք ուզեր խորհրդաժողովը գումարելու սիրոյն զայն գումարել», ըսաւ ան:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ «Քուսէյրի մէջ սուրիական արաբական բանակին արձանագրած յաղթանակներէն ետք Սուրիոյ դէմ դաւողները իրենց հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցին, եւ Ֆապիւս պահանջեց ահաբեկչութեան աջակցիլ, իսկ Սուրիոյ դէմ դաւած աշխարհի հակազդեցութիւնը մեզի այդ ճակատամարտին կարեւորութիւնը զգալի դարձուց»:

Մոալլեմ ըսաւ, որ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի Սայտա քաղաքին մէջ, շատ վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ «Սայտայի մէջ տեղի ունեցող ահաբեկչութիւնն ու ոճիրները Տոհայի խորհրդաժողովին եւ (սուրիական) ընդդիմութիւնը զինելու որոշումին արդիւնքն են»:

«Տագնապին սկիզբը զգուշացուցինք Սուրիոյ իրադարձութեանց դրացի երկիրներուն վրայ ունենալիք ազդեցութենէն եւ մենք չենք ուզեր լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամտել, որովհետեւ Լիբանանի ղեկավարները աւելի կարող են կացութիւնը գնահատել. լիբանանեան քաջարի բանակին յաղթանակ կը մաղթենք», ընդգծեց Մոալլեմ:

Մոսկուա. «Ընդդիմութեան Յաւելեալ
Զինումը Դէպի Զինուորական
Քանդիչ Լուծում Պիտի Մղէ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մեկնաբանելով Տոհայի մէջ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովի որոշումը, խոր մտահոգութիւն յայտնեց սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու որոշումին նկատմամբ` վստահեցնելով, որ ընդդիմութեան յաւելեալ զինումը Սուրիոյ մէջ հարցերը դէպի զինուորական քանդիչ լուծում պիտի մղէ:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յիշեցուց, որ սուրիական կառավարութիւնը «Ժընեւ-2»-ին մասնակցութեան համաձայն է, սակայն սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինն ու ընդդիմադիր այլ խմբաւորումներ մերժեցին առանց նախապայմաններու այդ խորհրդաժողովին մասնակցիլ:

Լարիժանի. «Արեւմուտքը Սուրիական
Ընդդիմութիւնը Զինելու Ճամբով
Իրանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի Արեւմուտքը ամբաստանեց սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու ճամբով իր երկրին վրայ ճնշում բանեցնելու եւ «դիմադրութեան առանցքը» նեղի մատնել ջանալու յանցանքով` աւելցնելով, որ «արեւմտեան պետութիւնները շրջանին մէջ իրենց նպատակներուն պիտի չհասնին, որովհետեւ քաղաքական սիրահարութենէ կը մեկնին եւ ոչ թէ իրողութենէն, եւ անոնք իրենց պատրանքներուն գերին են, այնպիսի պահու մը, երբ շրջանը կարեւոր փոփոխութիւններ եւ շրջադարձեր կ՛ապրի»:

Էշթըն. «Ասատ Քաղաքական Լուծումին
Մաս Չի Կրնար Կազմել»

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Քեթրին Էշթըն յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ ապագային մէջ դերակատարութիւն չունի: Ան ըսաւ, որ «Ասատ չի կրնար քաղաքական լուծումին մաս կազմել, ո՛չ ալ շարունակել այս երկրին ղեկավարի դերը կատարել»:

Նախորդը

Մինչ Ցուցարարներ-Ոստիկանութիւն Բախումները Կը Շարունակուին. Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը Կը Մտադրէ Էրտողանի Թեկնածութիւնը Առաջադրել Նախագահութեան Պաշտօնին

Յաջորդը

Քաթարի Իշխանը Այսօր Կը Յայտարարէ Իշխանութիւնը Յանձնելու Իր Որոշումը

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։