Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մերքելի Կուսակցութիւնը Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Ընդդիմութիւնը Կը Ներառէ Իր Նախընտրական Ծրագիրին Մէջ

June 25, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի պահպանողական պլոքը սեպտեմբերին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին իր նախընտրական ծրագիրին մէջ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան իր ընդդիմութիւնը կը շեշտէ` յայտնելով, որ Թուրքիա անդամակցութեան պայմանները չ՛ամբողջացներ:

Կիրակի օր որդեգրուած ծրագիրը կոչ կ՛ուղղէ Անգարայի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները խորացնելու, ինչպէս նաեւ արտաքին եւ ապահովական քաղաքականութեան մէջ «ռազմավարական սերտ համագործակցութիւն» հաստատելու: «Սակայն, մենք կը մերժենք Թուրքիոյ լիարժէք անդամակցութիւնը, որովհետեւ  (այդ երկիրը) Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան պայմանները չ՛ամբողջացներ», կ՛ըսուի ծրագիրին մէջ` աւելցնելով, որ «երկրին չափին եւ տնտեսական կառոյցին պատճառով Եւրոպական Միութիւնը նաեւ կրնայ ծանրաբեռնուիլ»:

Մերքել նախապէս Անգարայի հետ «առանձնաշնորհեալ գործընկերութեան» մասին խօսած է, սակայն ընտրական ծրագիրին մէջ Թուրքիոյ վերաբերող կարճ բաժինը այդ մասին ակնարկութիւն չի կատարեր: «Իմացանք, որ Թուրքիա ատիկա չ՛ուզեր, ուստի մեր նպատակները այլ ձեւով ներկայացուցինք», ըսաւ Մերքել լրագրողներուն:

Յիշեցնենք, որ Գերմանիա ուրբաթ օր Պերլինի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչեց` թուրք երեսփոխանի մը այն յայտարարութենէն ետք, թէ Մերքել Անգարան կը քննադատէ ներգերմանական քաղաքական շահ ապահովելու համար: Թուրքիա իր կարգին Գերմանիոյ դեսպանը արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչեց:

 

 

Նախորդը

Թուրք Լրագրող Մը Կը Յայտնէ. «Հրեաները Թունաւորեցին Աթաթուրքը»

Յաջորդը

Քերրի Չինաստանը Եւ Ռուսիան Զգուշացուցած Է Սնոուտենի Գործի Հետեւանքներէն

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։