Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը Հարստացաւ Երեք Նոր Միաբաններով

June 24, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

 

 

 

Կիրակի, 23 յունիս 2013-ին, հոգեւոր խանդավառութեան մթնոլորտ կը տիրէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ: Արդարեւ, դպրեվանքի ութամեայ շրջանի աւարտական դասարանէն երեք սարկաւագներ` Սեբաստիա սրկ. Ղարախանեան, Համբարձում սրկ. Պալըքճեան եւ Անդրանիկ սրկ. Տալգըլըճեան, սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին կուսակրօն քահանայ օծուելով ու ձեռնադրուելով միացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան:

Շաբաթ, 22 յունիսի երեկոյեան, Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւնը, որուն ընթացքին ընծայեալները հաւատքի խոստովանութիւն կատարեցին, հայ եկեղեցւոյ դաւանանքին, ծէսին, աւանդութեանց ու մեր եկեղեցւոյ սրբազան հայրապետներու հաստատած կանոններուն հաւատարմութիւն խոստացան, ապա վեհափառ հայրապետին, միաբանութեան եւ ժողովուրդին ներկայութեան, հրապարակաւ ծնրադիր ընթերցեցին Կիլիկեան Ս. աթոռին զինուորագրուելու իրենց նուիրական ուխտը:

Կիրակի օր, Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագին հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Սուրբ եւ անմահ պատարագը եւ օծումն ու ձեռնադրութիւնը կատարեց Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու կաթողիկոսական փոխանորդ` Շահէ եպս. Փանոսեան: Խարտաւիլակն էր, դպրեվանքի հսկիչ Պօղոս աբղյ. Թինքճեան: Սրբալոյս միւռոնով օծման պահուն, ձեռնադրիչ սրբազանը դրոշմեց ընծայեալներուն ճակատը, աջ ու ձախ ձեռքերը` նոր անուն տալով անոնց իբրեւ նորոգուած` Աստուծոյ ծառայութեան ընծայուած նոր մարդ: Անուանակոչութեան հոգեթով պահուն, Սեբաստիա սարկաւագը վերանուանուեցաւ Տէր Վահրիճ աբեղայ, Համբարձում սարկաւագը` Տէր Վաչէ աբեղայ եւ Անդրանիկ սարկաւագը` Տէր Վիգէն աբեղայ:

Ձեռնադրիչ սրբազանը իր քարոզին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենակալ Աստուծոյ, որ առիթ տուաւ այս ձեռնադրութեան կատարման, եւ ըսաւ. «Աբեղայական այս ձեռնադրութեամբ, Աստուած մեզի իմացնել կու տայ, որ մերօրեայ դժուար պայմաններուն մէջ, տակաւին կայ հաւատք, կայ կոչում եւ կայ այդ կոչումին ընդառաջում»: Ապա, Շահէ սրբազանը իր խօսքը նորընծաներուն ուղղելով ըսաւ. «Սիրելի՛ նորընծայ եղբայրներ, դուք անսալով Աստուծմէ ձեզի եղած կոչին ու հրաւէրին, ընտրեցիք հոգեւորականի ճամբան` քաջ գիտնալով, որ Քրիստոս դիւրին կեանք չխոստացաւ իրեն հետեւողներուն: Դուք ուխտեցիք ըլլալ հոգեւորական, ըլլալ Աստուծոյ գործակիցներ այս աշխարհին մէջ»: Ապա սրբազան հայրը, Մատթէոսի Աւետարանին մէջ արձանագրուած «Մեծահարուստ երիտասարդ»-ին (Մտ. 19.16-30) դրուագը ներկայացնելով, նորաօծ աբեղաներուն գլխաւոր երեք կէտերու մասին խօսեցաւ. 1) Արտաքինով չբաւարարուիլ, այլ` հաւատքի կեանք ապրիլ: Չբաւարարուիլ միայն պատուիրանները գործադրելով, այլեւ` մեր կեանքին մէջ սորվիլ ենթարկուիլ Աստուծոյ եւ Աստուծմով առաջնորդուիլ: 2) Աշխարհն է այն վայրը, ուր կը հանդիպինք Աստուծոյ: Աշխարհն է այն վայրը, ուր Աստուծոյ գործակից կ՛ըլլանք, եւ հետեւաբար աշխարհի մէջ է, որ պիտի գործէք: Դպրեվանքէն առած ձեր հոգեմտաւոր ուսումը պիտի կատարելագործէք ձեր ծառայական կեանքին ընթացքին: 3) Հասնելու համար կեանքի կատարելութեան, բարոյական կեանքի գագաթնակէտին եւ երկինքի արքայութեան, պարտիք քալել նոյնինքն Քրիստոսի օրինակով, խոնարհութեամբ, հեզութեամբ: Իր քարոզին վերջին բաժինով սրբազան հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին,  ապա շնորհաւորեց դպրեվանքի տեսչութիւնն ու դպրեվանքի մեծ ընտանիքը:

Պատարագէն ետք նորընծաները բարձրացան վեհարան, ուր միաբանութեան ու ժողովուրդին ներկայութեան ստացան վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը: Ապա, Մայր տաճարի դասին մէջ ներկայ հաւատացեալները մօտեցան նորընծաներուն` աջահամբոյրով  ստանալու համար անոնց առաջին օրհնութիւնը:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

«Կիպրոս Եւրոյի Գօտիէն Դուրս Գալու Չի Պատրաստուիր» Կ՛ըսէ Կիպրոսի Նախագահը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։