Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Կիներու Հոգեւոր Լսարանի Տարեշրջանի Աւարտին Արամ Ա. Կաթողիկոս Հաստատեց. «Հայ Մօր Դերը Վճռական Է Մարդակերտումի Եւ Հայակերտումի Մէջ»

June 22, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 18 յունիս 2013-ի առաւօտուն, իր խօսքը ուղղելով Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հաւաքուած շուրջ երկու հարիւր կիներուն, որոնք անցնող ամիսներուն ընթացքին կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ ամէն երեքշաբթի հետեւեցան սերտողութեան` կրօնական ու բարոյական հարցերու առնչուած, Արամ Ա. կաթողիկոս հայ մօր կարեւոր դերակատարութիւնը շեշտելով հայ կեանքին մէջ, ըսաւ. «Խօսելով հայ դպրոցին մասին` յաճախ եւ արդարօրէն զայն կը բնութագրենք իբրեւ մարդակերտումի ու հայակերտումի դարբնոց: Այս խոր գիտակցութենէն ու յանձնառութենէն մղուած, մեր եկեղեցին ու մեր կառոյցները միշտ աջակից դարձած են հայ դպրոցին: Սակայն յաճախ կը մոռնանք, որ մարդակերտումի ու հայակերտումի հիմքը կը դրուի հայ ընտանիքին մէջ, հայ մօր առանցքային դերակատարութեամբ: Յաճախ կը մոռնանք, որ դպրոցէն աւելի հայ ընտանիքի յարկին տակ է, որ հայ աշակերտը իր կեանքի օրերը կ՛ապրի: Յաճախ կը մոռնանք, որ հայ մայրը իր զաւկին մնայուն դաստիարակն է, ինչ տարիք կամ հանգամանք ալ ունենայ ան: Արդ, որքան ճակատագրական է դերը հայ մօր»:

Իր հայրապետական պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ երկու հիմնական հարցերու: «Հայ մօր տարուան» առիթով ան նկարագրեց հայ մօր իւրայատուկ կոչումը եւ հայ  եկեղեցւոյ ու ազգին սպասումը հայ մօրմէն: Վեհափառը յիշեցուց ներկաներուն, թէ «մեր կեանքին հետ աղերս ունեցող դրական կամ բացասական երեւոյթները ուղղակի կամ անուղղակիօրէն առնչուած են հայ մօր, որովհետեւ հայ ընտանիքին կերտման, կազմաւորման ու կազմակերպման գլխաւոր դերակատարը մայրն է: Հայ մայրը սովորական իմաստով կին չէ, դաստիարակ չէ, այլ հիմքն է այն շէնքին, ընտանիքին, որուն վրայ կը կառուցուին թէ՛ եկեղեցին, թէ՛ ազգը եւ թէ՛ հայրենիքը: Երբ այդ հիմքը տոկուն չէ, կը նշանակէ, որ անոր վրայ բարձրացած որեւէ կառոյց ուշ կամ կանուխ պիտի տատանի»:

Վեհափառ հայրապետը մեր կեանքին առնչուած դրական երեւոյթներուն առընթեր նաեւ մատնանշեց քանի մը բացասական երեւոյթներ: Ան ըսաւ. «Հարց կու տանք, ինչո՞ւ խառն ամուսնութիւնները սկսած են աճիլ մեր կեանքին  մէջ: Ինչո՞ւ օտար դպրոց յաճախող աշակերտներուն թիւը սկսած է բարձրանալ: Այս «ինչու»-ներուն պատասխանը ուրիշ տեղ մի՛ փնտռէք, այլ հայ ընտանիքին մէջ: Արդարեւ, հայ մայրն է, որ իր փոքրիկին ձեռքէն բռնած օտար դպրոց կ՛առաջնորդէ. Հայ մայրն է, որ կոչուած է այնպիսի կրթութիւն տալու իր զաւակին, որ իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն ու բոլոր որոշումներուն մէջ չհեռանայ իր արմատներէն, իր պատկանելիութենէն»:

Իր խօսքի երկրորդ բաժինին մէջ, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Աստուած-մարդ յարաբերութեան. «Աստուածաշունչը Աստուած-մարդ յարաբերութեան պատմութիւնն է: Աստուած ի՛նքն է, որ մօտեցաւ մարդուն: Աստուած ինքն է, որ ընտրեց մեղաւոր մարդը. Աստուած ինքն է, որ իր Միածին Որդին ղրկեց մարդուն փրկութեան համար: Ինչպէս Աւետարանը կը վկայէ, Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ նոյնիսկ իր արիւնը թափեց մարդուն համար: Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ հետ ըլլալ, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ եղաւ: Եկեղեցին, իբրեւ Քրիստոսի խորհրդական մարմինը, Աստուծոյ ներկայութիւնն է մեր կեանքին մէջ: Արդ, եկեղեցի կ՛երթանք Աստուծոյ հետ ըլլալու համար: Աստուած միշտ պատրաստ է մեզի հետ ըլլալու. արդեօք մենք պատրա՞ստ ենք Աստուծոյ հետ ըլլալու»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ. «Դժբախտաբար մեր կեանքը այնքան խճողուած է, որ կարծէք ժամանակ չունինք Աստուծոյ հետ ըլլալու, մեր ժամադրութիւնը յարգելու: Մեր առօրեայ կեանքին մէջ, երբ որեւէ հանդիպում ունինք, ուշադիր կ՛ըլլանք մեր հագուստ-կապուստին, ուշադիր նաեւ` մեր ժամադրութիւնը յարգելու մէջ: Դժբախտաբար, այսօր եկեղեցի կու գան մեր զաւակները, այր թէ կին, այնպիսի հագուածքով, որ երբեք ընդունելի չէ: Եկեղեցին սովորական վայր չէ, Աստուծոյ տունն է. ա՛յս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենանք եկեղեցւոյ»:

Իր պատգամի աւարտին, վեհափառ հայրապետը նաեւ առիթ տուաւ ներկայ կիներուն, որ հարցումներ ուղղեն իրեն: Հանդիպումին սկիզբը եւ վերջը խօսք առին Հայ կիներու հոգեւոր լսարանի պատասխանատուներ Յովհաննէս աբղյ. Սաղտըճեան եւ  Նշան աբղյ. Լախոյեան, որոնք  շնորհակալութիւն յայտնեցին վեհափառ հայրապետին եւ խոստացան նոյն նուիրումով շարունակել կիներու յատուկ հոգեւոր սերտողութիւնը կաթողիկոսարանին մէջ:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

«Ընդդիմութիւնը Կ՛ուզէ Թուրքիոյ Յառաջդիմութիւնը Կասեցնել» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։