Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Սրահին Մէջ. Նանօր Հաճեանի Գեղանկարներու Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն

June 20, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ), երէկ` չորեքշաբթի, 19 յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Այնճարէն նրբագիծեր» թեմայով Նանօր Հաճեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, կրթական պատասխանատուներու, արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:

Հանդիսութեան բացման խօսքը ՀԿՀՄ-ին անունով արտասանեց Արամ Գարատաղլեան, որ նշեց, թէ ՀԿՀՄ-ը իր հիմնադրութեան օրերէն մնայուն կերպով քաջալեր հանդիսացած է հայ մշակոյթին եւ ժառանգութեան պահպանման ծառայող աշխատանքներուն` իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ բերելով իր մասնակցութիւնը: Ան աւելցուց, որ ցուցահանդէսին նիւթական շահը պիտի տրամադրուի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի նախակրթարանի վերանորոգութեան ծրագիրներուն:

Արամ Գարատաղլեան
Նանօր Հաճեան

Նանօր Հաճեանի հակիրճ կենսագրութիւնը ներկայացնելէ ետք, իր խօսքին աւարտին, Արամ Գարատաղլեան շնորհակալութիւն յայտնեց գեղանկարիչ Հաճեանին, որ ընդառաջեց ՀԿՀՄ-ի հրաւէրին, ինչպէս նաեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, որ հովանաւորութեամբ եւ ամբողջական զօրակցութեամբ նեցուկ կանգնեցաւ միութեան:

Ապա խօսք առաւ Նանօր Հաճեան, որ նշեց, թէ ցուցահանդէսին ցուցադրուած են իւղաներկով գծուած 31 պատկերներ եւ ջրաներկով գծուած 15 պատկերներ, որոնց գլխաւոր մեկնակէտը մայր բնութիւնը ներկայացնելն է: Հաճեան ըսաւ, որ բնութիւնը մեր մայրն է, մեր գոյութեան պատճառն է, որ կ՛ապահովէ մեր ջուրը, արեւը, ծովը, բուսականութիւնն ու անասունները: Ան յայտնեց, որ արուեստը եւ ի մասնաւորի գեղանկարչութիւնը, խաղաղութիւն եւ հանդարտութիւն կը ներշնչէ:

Աւարտին խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, որ հաստատեց, որ հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կարեւոր տեղ ունի հայ մշակոյթը եւ ասոր լաւագոյն ապացոյցը այս ցուցահանդէսին հովանաւորութիւնն է: Ան նշեց, թէ այսօրուան մարդը զբաղած է գռեհիկ ու պատերազմական պատկերներով եւ կարողութիւնը չունի տեսնելու բարին, գեղեցիկն ու լաւը, եւ ոչ իսկ ազնուութիւնն ու քաջութիւնը ունի նշմարելու Աստուծոյ խորհրդաւոր պատկերը իւրաքանչիւր մասնիկի մէջ, որ իր շուրջ կը գտնուի, սկսեալ իր անձէն:

Հաճեանի աշխատանքը մեծապէս գնահատելէ ետք, Սեպուհ վրդ. Կարապետեան մաղթեց, որ ՀԿՀՄ-ը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ արձանագրէ վերելք` դառնալով հայ մշակոյթին եւ հաւատքին ժառանգորդը:

Ցուցահանդէսին ցուցադրուած գեղանկարները թարգմանութիւնն են Նանօր Հաճեանի ներաշխարհին եւ յուզումներուն, որոնց մէջ կ՛երեւին մօր նկատմամբ սէրը, ընտանեկան բոյնը, բնութեան տարրերը, ազգային յատկանիշները, մարդկային մօտեցումները եւ հոգեւոր արժէքները:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց է այսօր եւ վաղը` երեկոյեան ժամը 6:00-էն 10:00:

Նախորդը

Աթլեթիզմ. Լիբանանի Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Եգիպտոս

Յաջորդը

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի 75-ամեակ. Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.