ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
«Եութա» համալսարանի Թրքական ուսմանց ծրագիրի նախաձեռնութեամբ, անցեալ չորեքշաբթի (29 մայիս) Թիֆլիսի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ «Կովկասը` կայսերական մայրամուտին. ազգայնականութիւն, ազգային ինքնութիւն եւ ազգակերտում (1870-1920)» խորագիրով խորհրդաժողովը:
«Եութա» համալսարանին մէջ 2009-ին հաստատուած Թրքական ուսմանց ծրագիրը, որուն վարիչն է նոյն համալսարանի քաղաքական գիտութեանց բաժանմունքի դասախօսներէն փրոֆ. Մ. Հաքան Եաւուզ, կը վայելէ հովանաւորութիւնը Ամերիկայի թուրքերու համադաշնութեան (ԱԹՀ), որմէ կը ստանայ իր նիւթական միջոցները: Այս կազմակերպութիւնը յայտնի է իբրեւ Ամերիկայի տարածքին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման գործին լծուած ամէնէն գործունեայ կազմակերպութիւնը: Այս կազմակերպութիւնը նաեւ Թիֆլիսի խորհրդաժողովի հովանաւորներէն մէկն է:
ԱԹՀ, իր հիմնադրութենէն սկսեալ (2007), իր տխուր հռչակը շահած է` Ցեղասպանութիւնը հերքող պատումի եռանդագին քարոզչութիւնը կատարելով, այդ նպատակին ծառայող ուսումնասիրութիւններ հովանաւորելով, Ուաշինկթընի քաղաքական բոլոր շրջանակներուն մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն ուժգին դիմադրութիւն ցոյց տալով:
ԱԹՀ-ին` Թիֆլիսի խորհրդաժողովի հովանաւորը ըլլալու փաստը, հետեւաբար, բնական կը դարձնէ զեկուցողներու շարքին Նորմըն Սթոնի, Ճասթին ՄըքՔարթիի, Մայքըլ Կանթըրի եւ Քեմալ Չիչեքի նման պատմութիւնը նենգափոխողներու անուններ տեսնելը:
Զարմանալին, սակայն, Հայաստանէն եւ սփիւռքէն հայ պատմաբաններու մասնակցութեան փաստն է: Աւելի զարմանալին` կազմակերպողներու շարքին մէջ եւս հայու անուն գալը (Հայաստանի իտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմաբանները մերժած են մասնակցիլ այս խորհրդաժողովին):
Վերջին շրջանին, որոշ հայ ակադեմականներ կը գործեն այն թիւր ըմբռնումով, թէ Ցեղասպանութեան ժխտման նուիրուած խորհրդաժողովներու մասնակցելով` կրնան հակաճառել պատմութիւնը նենգափոխողներուն: Ցարդ նման որեւէ փաստի մը ծանօթ չենք:
Այս խորհրդաժողովին մասնակից հայ պատմաբաններէն ոմանք շատոնց իրենք իրենց հոգին ծախած են, եւ անոնց ներկայութիւնը մեզ չի զարմացներ: Մեզ կ՛անհանգստացնէ մասնակցութիւնը երիտասարդ պատմաբաններու, որոնք կը յաւակնին իրենց զեկուցումներով պատնէշ կանգնիլ ընդդէմ թրքական պետական քարոզչութեան: Մեզ կ՛անհանգստացնէ այն փաստը, որ հայ պատմաբանները այսպիսի խորհրդաժողովներու մասնակցելով` օրինականութիւն կու տան Ցեղասպանութեան հերքման նուիրուած հաւաքներուն, իսկ հետագային, խորհրդաժողովի նիւթերու հրատարակութեան մէջ ներառուելով կողք կողքի կեղծ պատմաբաններու զեկոյցներուն հետ, նոյնպէս կ՛օրինականացնեն այդ հրատարակութիւնները:
Մենք բարոյական լրիւ իրաւունքը ունինք սթափութեան կոչ ուղղելու այս երիտասարդ պատմաբաններուն:
asbarez.com
6/6/2013
