Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յոբելենական Ճաշկերոյթ «Արծիւ» Շաբաթաթերթի 20-ամեակի Եւ «Գառնի» Ուսանողական Մատենաշարի 25-ամեակին Առիթով

June 18, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 15 յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական ճաշկերոյթ «Արծիւ» շաբաթաթերթի 20-ամեակին եւ «ԳԱՌՆԻ» մատենաշարի 25-ամեակին առիթով` հովանաւորութեամբ «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Գրիգոր Արսլանեանի:

Երեկոյթին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան, Նոր Ջուղայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան, պետական նախարարի պաշտօնակատար Փանոս Մանճեան, Հայաստանի դեսպանատան ընդհանուր քարտուղար Վարդան Ադամեան, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ, Ազգային ընդհանուր ժողովի պատգամաւորներ, հայկական մամուլի եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր եւ աւելի քան 160 «Արծիւ»-ի եւ «Գառնի»-ի աշխատակիցներ եւ բարեկամներ:

Գեղամ արք. Խաչերեան կատարեց սեղանի օրհնութիւնը, ապա Խաժակ արք. Յակոբեան կարդաց Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը, ուր վեհափառ հայրապետը բարձրօրէն կը գնահատէր «Արծիւ»-ի եւ «Գառնի»-ի վաստակը` ի խնդիր հայ մշակոյթի գոյատեւման եւ հայ մարդու կազմաւորման:

Կարկանդակի հատումը կատարեցին Գեղամ սրբազան, Վարուժան սրբազան, Երուանդ Փամպուքեան եւ Յակոբ Չիլինկիրեան:

Լեւոն Արտազեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց «Արծիւ» շաբաթաթերթը եւ «Գառնի» մատենաշարը: Ապա տեսերիզով ներկայացուեցաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը: Անմիջապէս ետք Վարդան Ադամեան բեմ բարձրանալով ներկաներուն փոխանցեց նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գնահատանքները եւ Վարուժան սրբազանը պարգեւատրեց սփիւռքի նախարարութեան ոսկի մետալով: Նոյն առիթով Ադամեան սփիւռքի նախարարին յատուկ պատուոյ գիրը յանձնեց Նուէր Շիրանեանի: Բեմին վրայ Վարուժան արքեպիսկոպոս անմիջապէս իր ողջոյնները փոխանցեց` շնորհակալութիւն յայտնելով սփիւռքի նախարարին:

Սիմոն Կոստանդինեան նուագով, Նժդեհ Պոտրումեան մեներգներով եւ Իրմա Տէտէեան ասմունքով ծաղկեցուցին երեկոն:

Երեկոյին առաջին խօսքը արտասանեց Գեղամ արք. Խաչերեան, որ անդրադարձաւ «Արծիւ»-ի եւ «Գառնի»-ի իւրայատուկ նկարագիրին եւ յաջողութիւն մաղթեց Վարուժան արք. Հերկելեանին եւ անոր ընկերակցող աշխատակիցներուն: Ապա խօսք առաւ օրուան նախագահ Գրիգոր Արսլանեան, որ շնորհաւորեց սրբազան հայրը եւ նորանոր նուաճումներ մաղթեց «Արծիւ»-ին եւ «Գառնի»-ին: Ժիրայր Դանիէլեան նոյնպէս մեծապէս գնահատեց տարուած աշխատանքը:  Երեկոյի ընթացքին եղան նուիրատուութիւններ: Օրուան բախտաւորը ճշդող վիճակահանութենէն ետք, Վարուժան սրբազան  փակման խօսքին մէջ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց իր ուսուցիչներուն` Եդուարդ Տասնապետեանին, Գէորգ Գանտահարեանին, Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Բիւզանդ Եղիայեանին, Խորէն Գաբիկեանին եւ բոլորին: Իր յիշատակի օրհնութեան խօսքը ուղղեց իր գործընկերներուն` Զարեհ արքեպիսկոպոսին, Ալեք Մնակեանին, Վազգէն Էթեէմեզեանին եւ բոլորին, որոնք առիթ ընծայեցին իրեն ըլլալու խմբագիր եւ ուսուցիչ եւ հոգեւոր սպասաւոր: Սրբազանը մեծապէս գնահատեց բոլոր այն ազգայինները, որոնք աշխատակցեցան իրեն եւ նիւթապէս սատար հանդիսացան այս երկու ձեռնարկներու յաջողութեան եւ յարատեւութեան: Սրբազան հայրը կոչ ուղղեց անձնական կեանքին մէջ ըլլալու ժուժկալ եւ հաւաքական կեանքին մէջ առատաձեռն: Իր խօսքի աւարտին սրբազան հայրը յատուկ գնահատանք յայտնեց «Արծիւ»-ի եւ «Գառնի»-ի ներկայ եւ բացակայ բոլոր բարեկամներուն, յատկապէս ներկաներուն, որոնց շնորհիւ է, որ մեր մշակոյթը , մեր լեզուն, մեր գրականութիւնը եւ մեր բարքերը կը մնան կենդանի եւ առողջ, հակառակ այն վտանգներուն, որոնք կը սպառնան այս բոլորին:

 

Նախորդը

Յաղթողներ Եւ Պարտուողներ Չեն Լինի. Կամ Յաղթելու Ենք Բոլորս, Կամ Բոլորս Պարտուելու Ենք

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Իրանի Նորընտիր Նախագահը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.