Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպ. Առաջին Սէրս

June 17, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Զարմանալի է կեանքը:

Տակաւին քիչ առաջ էր, երբ յիշեցի քեզ, տարի մը առաջ միասին անցուցած մեր օրերը:

Հիմա, որ չկաս, կեանքս սկսած է թաւալիլ երազին ալիքներուն մէջ, ուր մեղմ յուշերդ շոյանքներու նման, երբեմն տառապանքով լեցուն պահեր կը ստեղծեն:

Գաղտնիք մը չէ, որ երկուքս բաժնուած ենք իրարմէ, կամայ եւ նոյնչափ ալ ակամայ:

Աւելի ճիշդ ես եմ, որ քեզմէ բաժնուեցայ եւ կամովին, նոյնքան ալ դժուար:

Հիմա դուն չկաս:

Կարծես անձս կորսնցուցած եմ:

Կան միայն նկարներդ , որոնք մտածումներուս մէջ փաթթած եմ ամուր ու թարմ:

Քեզմէ հեռանալէս ետք անցեալս դարձած է տագնապալի եւ սակայն յիշատակելի եւ վայելուչ:

Ու հիմա դուն ես իմ մտքիս գլխաւոր դիցուհին, չաստուածը:

Հոգս չէ:

Քեզ պաշտած ըլլալու վայելքէս շատ յաճախ գինովցած եմ:

Շատ անգամ նոյնիսկ էութիւնս խռոված է ու հոգիս հալածելով խանգարած եմ միտքս ալ:

Յաճախ երազած եմ մանուկի մը նման ու երեւակայութիւնս քեզմով ապրած:

Քեզմով չյագեցած, գրեթէ ամէն օր քեզմով կը զբաղիմ:

Աչքերուս դիմացն ես, որ կեանքիս առջեւ կը բանայ նոր արշալոյս մը, որ կ՛ողողէ հոգիս եւ էութիւնս:

Հեռանալէս ետք ամիսներով անքուն մնացի: Միշտ քեզ խոկացող գաղափարներս տանջեցին զիս:

Հիմա աթոռիս վրայ ընկողմանած թէ՛ կը կարդամ եւ թէ՛ ցած ձայնով երգի նման բան մը դուրս նետելով բերնէս կը փորձեմ այս տողերը գրել քեզի՛, սիրելի՛ ծննդավայր Հալէպս:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնելու Վատիկանի Փորձերը Դարձեալ Կը Ձախողին. Ինչո՞ւ Զարմանալ…

Յաջորդը

Լուսաբանութեան Մը Առթիւ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.