Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրքեր, Գիրքեր. Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան (Հինգ Հատորներ)

June 12, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին հրատարակուած են հինգ հատորներ` «Վկայարան հայկական ցեղասպանութեան», պատրաստուած եւ համադրուած են մտաւորական հայորդիի մը` Յարութիւն Իսկահատեանի նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Յիշեալ հինգ հատորները լոյս տեսած են «Կարպիս Նազարեան» մատենաշարով, Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեան ամոլին մեկենասութեամբ: Ջանադիր եւ հետեւողական աշխատանքի արդիւնք են այս հատորները, որոնք կ՛ամփոփեն հայոց եղեռնէն հրաշքով փրկուած հայերու վկայութիւնները: Անոնք ապրած են օսմանեան պետութեան սարքած արհաւիրքը, արձանագրած են իրենց  ոդիսականը, իւրաքանչիւրը` իր կարողութեան համապատասխան գրիչով:

Յարութիւն Իսկահատեան ճարտարապետութեան տիտղոսով վկայուած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն: Հայոց լեզուի եւ հայ մշակոյթի իր դաստիարակութիւնը եւ գիտութիւնը ստացած է ՀԲԸՄիութեան Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանէն: Իր հետաքրքրութեան հիմնական կէտը հայկական ինքնութեան, մշակոյթի, հայ արժէքներու հոգեմտաւոր պահպանումն է: Զինք մտահոգած է Հայոց ցեղասպանութեան զուլումը ապրած մնացորդացին յիշողութիւնը: Ձեռք առած է յուշագրական հատորներ, հետեւած է մամուլի մէջ լոյս տեսած թուրք ջարդարարներու եղեռնագործութեան վկայութիւններուն, ունեցած է մղում մը զանոնք ի մի հաւաքելու: Առաջին հատորը չէ բաւարարած ընդգրկելու իր սերտողութեամբ եւ պրպտումներով ձեռք բերուածը ամբողջացնելու: Հետեւած են երկրորդ, երրորդ եւ մինչեւ հինգերորդ հատորները:

«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը քաջալերական աշխատանք մը նկատեց Յարութիւն Իսկահատեանի այս «բանահաւաքը», հետեւաբար կազմակերպեց լսարան մը, 84-րդ. մամլոյ լսարանը, որ տեղի ունեցաւ 7 յունիսի երեկոյեան, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

Օրուան զեկուցաբերն էր մտաւորական Անդրանիկ Տագէսեան: Անդրադառնալով Յ. Իսկահատեանի հեղինակած յիշեալ հատորաշարքին` զեկուցողը ըսաւ. «Իսկահատեանի հատորաշարքը չի վերաբերիր գեղարուեստական գրականութեան, գիտական ուսումնասիրութեան, ոչ ալ պատմաբանական գրականութեան: Շփոթ մը կայ իմ եւ գուցէ ձեր տրամադրութեան պարագային:

Ունկնդիր ներկաները ակնկալեցին, թէ Անդրանիկ Տագէսեան «ինք սահմանում մը կը փոխանցէ, թէ` «ինչպէս կարելի է որակել այս աշխատանքը», բայց կրկին շեշտեց «շփոթ» որակումը, որուն համաձայն չեղան ներկաները` սպասելով բարենիշի մը, գոնէ` կատարուած երկար տարիներու ջանադիր աշխատանքին նկատմամբ:

Յստակ է, որ Յ. Իսկահատեան յաւակնութիւն չունի գլուխ գործոց մը ստեղծած ըլլալու, այլ կայ այն կարեւոր հարցը, թէ ան կատարած է «ուրիշին չըրածը»… Ինք մղկտած է հայոց ցեղասպանութեան անմոռանալի ցաւով եւ ցոյց տուած է, թէ որքան ահաւոր եղած է թուրքին չարիքը: Եթէ օր մը այս հաւաքուած վկայութիւնները օտար լեզուի մը թարգմանուին, մանաւանդ` թրքերէնի, թուրքն իսկ պիտի սոսկայ իր ըրածէն, եւ նոր թուրքը պիտի անիծէ իր պապերուն դժոխային արարքը:

Կայ նաեւ այլ արժանիք մը` այս հատորաշարքին կապակցութեամբ. այն ճշմարտութիւնը, թէ մեր գալիք սերունդները պիտի տեսնեն ջարդերու այս «հաւաքածոն», ամբողջութեամբ արձանագրուած, դժուարութիւն պիտի չունենան պրպտելու արխիւներ կամ անցեալին լոյս տեսած թերթերու գրութիւններ, կամ` առանձին հատորներ: Հետեւաբար պէտք չէ աննկատ թողուլ այսպիսի աշխատանքներ` տարիներու քրտնաջան հետեւողութեամբ լոյսին բերուած:

 

 

Նախորդը

Լուսանկարներ` Հոգու Տեսողութեամբ

Յաջորդը

Քասեմիրօ Միացաւ Ռէալ Մատրիտի

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.