Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 84-րդ Լսարան. Յարութիւն Իսկահատեանի «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան» Հատորաշարքի Ներկայացում

June 10, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 7 յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յայտնի մտաւորական Յարութիւն Իսկահատեանի «Վկայարան հայկական ցեղասպանութեան» հատորաշարքի ներկայացումը` «Ազդակ»-ի մամլոյ 84-րդ լսարանին ծիրին մէջ:

Մամլոյ լսարանին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ ըսաւ, թէ «Վկայարան հայկական ցեղասպանութեան» հատորաշարքին աշխատանքը մեծ կարեւորութիւն կը զգենու, մանաւանդ Հայոց ցեղասպանութեան պատմագրութիւնը կատարելու եւ պատմաբաններուն ու պրպտողներուն ուսումնասիրութեան համար թարմ ատաղձ տրամադրելու իմաստով:

Յարութիւն Իսկահատեան
Դոկտ. Անդրանիկ Տագեսեան

«Իսկահատեանի հրատարակած հատորները տարիներու վրայ երկարող աշխատանքի ու պրպտումներու արգասիք են: Կը բովանդակեն Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու յուշագրութիւններ, որոնք նախապէս լոյս տեսած են օրաթերթերու, ամսագիրներու, պարբերականներու, ինչպէս նաեւ առանձին հատորներու մէջ», նշեց Ժ. Յակոբեան:

«Վկայարան հայկական ցեղասպանութեան» հատորաշարքը ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագեսեան: Դոկտ. Տագեսեան նախ ներկայացուց տարբեր հաւանական բնութագրերը հատորներուն` յայտնելով, որ այնտեղ կարելի է գտնել թէ՛ գեղարուեստական գրականութիւն, թէ՛ յուշագրութիւն յատկապէս:

Դոկտ. Անդրանիկ Տագեսեան խօսեցաւ շփոթի մը մասին, որ կը վերաբերի հատորներու աշխատասիրութեան հիմնական շարժառիթին: Այսուհանդերձ, դոկտ. Տագեսեան հաստատեց, որ հատորները պատրաստողը կարեւոր քայլ առած է Ցեղասպանութեան համապատկերը կամ համահաւաքը կազմելու ուղղութեամբ:

Աւարտին խօսք առաւ նաեւ «Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան» հատորաշարքի հեղինակ Յարութիւն Իսկահատեան, որ իր կարգին ըսաւ, որ իւրաքանչիւր հայ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ տարբեր ոլորտներու մէջ անդուլ աշխատելու հրամայականին առջեւ է, մինչեւ որ քաղաքական պահը հասուննայ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման առումով:

 

 

Նախորդը

«Հայերը Եւ Թուրքերը» Ներկայացուել Է Թիֆլիսում

Յաջորդը

Նամակ Պուրճ Համուտէն Հեռացածներուն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.