Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաց Նամակ Առ Որ Անկ Է ….

May 31, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաղաքիս մէջ շշուկներ կը տարածուին այն մասին, թէ «ՓԹԻԹ» մանկապատանեկան հանդէսը պիտի դադրի լոյս տեսնելէ տասներորդ թիւէն սկսեալ:

Հայ մամուլը տեղւոյն վրայ, առանց բացառութեան, ուրախութեամբ դիմաւորեց «ՓԹԻԹ»-ին լոյս ընծայումը:

Նոյնպէս, հեռաւոր գաղութներու հայ մամուլը լայնօրէն արձագանգեց` գովեստի խօսքեր շռայլելով Աբրահամեան ամոլին, որոնք տէր եւ տիկին համարձակեցան մանկապատանեկան այս գունատիպ հանդէսը հրատարակել:

Բայց ծափերը որքան ալ ըլլան ջերմ ու սրտալի, այդ ածականներով մամուլ լոյս աշխարհ կու գա՞յ:

Չէ՞ որ «ՓԹԻԹ»-ը, որպէս ծաղկափթիթ մանկապատանեկան օրկան, մեր մանուկներուն ու պատանիներուն համար է:

Միթէ ծնողներ չե՞ն սիրեր իրենց զաւակները:

Կամ մի՞թէ մեր այս գաղութը ի վիճակի չէ թերթ մը պահել:  Մանկապատանեկան թերթ մը պահելու ուժը չունի՞:

Վստահ եմ` ունի:

Այո՜, ճիշդ է որ երկրին մէջ նիւթական պայմանները նախկին առատութիւնը չունին:

Բայց որքան ճիշդ է «ՓԹԻԹ»-ը թողլքել երկու հոգիի քսակին:

Նման շշուկներու առիթով մեր մամուլը պարտի ահազանգ հնչեցնել, որպէսզի մեր մանուկներն ու պատանիները օգտուին այս օգտաշատ պարբերականէն:  Նոյնիսկ երբեմն ծնողները միանան իրենց զաւակներուն եւ դժուարին հարցերը լուծեն միասնաբա՜ր, իրենց զաւակներուն հետ:

Այս գաղութը եղած է առաջատար:  Պէտք է, անհրաժեշտ է, որ պահէ իր առաջատարի դերը:

Այնքան դպրոցներ ունինք, մանկապարտէզներ, առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ աւելի դասարանցիներ:

Ընենք այնպէս, որ «ՓԹԻԹ»-ը շարունակուի:

Մեր մանուկներէն, պատանիներէն եկող պահանջ մըն է այս կոչը:

Աւելցնե՜լ «ՓԹԻԹ»-ի բաժանորդներուն թիւը:  Պահանջուածը ա՜յս է:

Ու հիմա կը սպասենք արդիւնքին:

Թող տէր եւ տիկին Աբրահամեանները գօտեպնդուին եւ միշտ մնան պատնէշի վրայ:

Անոնք պատնէշէն ինկող չեն, պայմանաւ որ մենք իրենց զօրավիգ կանգնինք: Չէ՞ որ միութիւնը զօրութիւն է:

Հայ ծնողներ,  ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, կոչ կ՛ընեմ ձեզի` միանալու այս անհրաժեշտ խնդրանքիս:

Ողջ լերուք հայ լեզուն պահպանելու ճամբուն վրայ:

Ընթերցասիրութիւնը մանկապարտէզէն կը սկսի:

Միլիոնին առաջին թիւը մէկն է:

Շնորհակալութիւն:

Գրեց` ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

 

Նախորդը

Ինչպէ՞ս Ստեղծել Ժողովուրդ. Ազրպէյճանական Ինքնութեան Ձեւաւորման Խնդիրը 20-րդ Դարում

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 95-ամեակի Համաժողովրդային Տօնակատարութեան ընթացքին Հայաստանի Դեսպան Աշոտ Քոչարեանի Արտասանած Խօսքը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։