Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոհայի Փոքրաթիւ Հայ Համայնքը Անմասն Չի Մնար Ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակը

May 30, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Աշխարհի տարածքին գտնուող հայութիւնը, ըլլան քաղաքի թէ գիւղի մէջ հաւատարմօրէն նշեցին Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակը: Արաբական ծոցի այս փոքրաթիւ համայնքը` Տոհան եւս ապրիլ 26-ին, ուրբաթ երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ղպտիներու եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած, պահանջատիրութեան իր ձայնը եկաւ հաստատելու:

Հինգ հարիւր հայեր, որոնք եկած են վերջին տարիներուն, մեծ մասամբ` նախկին լիբանանահայեր եւ սուրիահայեր, կազմելով համերաշխ համայնք մը, որ օրէ օր կ՛ամրապնդէ իր կապերը մայր հայրենիքին հետ:

Ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ տեղւոյն շաբաթօրեայ հայ դպրոցի մատղաշ աշակերտներու երգչախումբով, որոնք երգեցին Հայաստանի պետական քայլերգը: Իսկ յանուն Քաթարի Հայ ազգային վարչութեան` բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ստեփան Գարամարտեան:

Օրուան ոգեկոչման հանդիսութիւնը նշանակալի էր այն առումով, որ շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէնուհի Արիկ Մելքոնեան-Շամմասեանի գլխաւորութեամբ 3-15 տարեկան նոր սերունդի աշակերտներ որպէս վերածնունդի խորհրդանիշ, իրենց մասնակցութիւնը բերին` երգերով ու արտասանութիւններով:

Հակառակ որ օրուան որպէս գլխաւոր բանախօս Պէյրութէն հրաւիրուած էր Սարգիս Կիրակոսեան, վերջին պահուն արգելիչ պատճառով մը անհնար եղաւ հասնիլ Տոհա, սակայն քաթարահայութեան կառկարուն դէմքերէն, մտաւորական երիտասարդներէն փաստաբան Սեւակ Փանոսեան հանդէս եկաւ որպէս գլխաւոր բանախօս: Ան իր կարգին ներկայացուց պատմական անցեալը մեր հայրենիքին սելճուք-թուրք-թաթար բարբարոսներու կողմէ գրաւուած տարածքներով ստեղծուած Հայաստանի պատկերը ներկայացնելով ու հասնելով մինչեւ Իսրայէլ Օրի, որ ազատագրական պայքարի մեր ռահվիրան համարելով` մեր յոյսը կապած եղաւ Ռուսաստանին: Այնուհետեւ, բծախնդրութեամբ ընթացող քաղաքական դէպքերուն անդրադառնալով` Փանոսեան հասաւ մինչեւ Ցեղասպանութիւն եւ ապա վերլուծեց քրիստոնեայ երկիրներուն յարաբերութիւնը` պարտուած թրքական իշխանութիւններու ու մանաւանդ իթթիհատականներուն հետ:

Օրուան զեկուցաբերին ելոյթը առաւել եւս հետաքրքրական բնոյթ ստացաւ, երբ ան տուաւ պատկերը Հայաստանի Հանրապետութեան, գծեց անոր տնտեսական թէ աշխարհաքաղաքական հեռանկարները հետագայ տարիներուն եւ ապա բաղդատականը ըրաւ Թուրքիոյ ունեցած ուժերուն հետ:

Խնամքով եւ մանրամասնեալ պատրաստումը Փանոսեանի զեկոյցին, եղաւ նաեւ դպրոց մը ներկաներուն համար, պատմութեան ընթացքին տեսնելու հայ ժողովուրդի երթը աշխարհագրական խիստ կարեւորութիւն ունեցող քառուղիին վրայ:

Երեկոյթը առաւել եւս խորհրդաւոր երեւոյթ ստացաւ, երբ ներկաները միաբերան երգեցին «Զինուորի մօր երգը» եւ «Կիլիկիա» հայրենասիրական երգերը:

Առաջնորդութեամբ քաթարահայութեան նահապետ Արսէն Հալաճեանի, ներկաները մոմավառութեամբ այցելեցին Եղեռնի յուշարձան եւ վերանորոգեցին իրենց ուխտը` մնալու հայ եւ պայքարելու յանուն հայոց արդար Դատին:

Համեմատաբար երիտասարդ համայնք մը ըլլալուն` ուրախալի երեւոյթ մըն էր մեր նոր սերունդին մասնակցութիւնը սոյն հանդիսութեան: Յետ հանդիսութեան ներկաներուն բաժնուեցան Հայաստան խորհրդանշող իւրայատուկ շապիկներ:

 

Նախորդը

Սուրիական Օրագրութիւն…

Յաջորդը

Ծանուցողական Լրատուութիւն. Փ. Այանեան Պարգեւատրեց Ռիատ Սալամէն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.