Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդական Ոսպնեակ. Առանց Ազգային Արժէքներու Պաշտպանութեան Պետական Մտածողութեան Հիմքը Խարխուլ Կը Մնայ (Հայաստանի Անկախութեան 95-րդ Ամեակ)

May 28, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Յաճախ մենք մեզի հարց կու տաք, թէ ինչո՛վ կը սնանին ազգեր, կը ներշնչուին իրերայաջորդ սերունդներ, կ՛ամրագրուին պետական կառոյցներու հիմքեր, օրհասի օրերուն` կ՛արիանան ժողովրդային շերտեր, աւելի՛ն. լոյսին կը բերուին սխրանքներ,  եթէ ոչ ազգային արժէքներու պահպանումով եւ բոցավառումով:

Մեր պարագային` ազգային մէկութեան գաղափարականին ընդառաջ` ազգակերտ անհատականութիւններու թէ ազգային վեհապանծ տօներու նուիրուած նախաձեռնութիւններ, արդեօք պատեհ առիթներ չե՞ն, առաւելագոյն հասկացողութեամբ նոյնինքն ազգին սեփականութիւնը դարձնելու տիտան հայրենապաշտներու յորդ զգացումները,  ազատասէրի ոգեկան բարձունքը, ժողովուրդին նուիրաբերելու անոնց անշեղ պատրաստակամութիւնն ու ազգային ղեկավարի գաղափարական վարքագիծը:

Առանձնացնելով ազգային դէմքի մը մասին մեր մտորումները` կարելի է հաստատել, որ գէթ տարին մէկ անգամ հայրենի պետական աւագանին կը  նշէ Արամ Մանուկեանի յիշատակը` այցելելով  անոր անշուք շիրիմը եւ համեստ հանդիսութեամբ մը վեր կ՛առնէ անոր անկրկնելի ներդրումը` հայրենատիրացման վսեմ գործունէութեան մէջ, եւ ըստ պատշաճի խօսքեր արտասանելով` կատարած կը նկատէ իր պարտքը:

Միթէ այս ձեւո՞վ կ՛արժեւորուի ազգային-պետական ու մանաւանդ քաղաքական-գաղափարական Արամի պայծառատես մտածողութիւնը, թէ ըստ արժանւոյն պէտք է շեշտուի, գնահատուի եւ համարձակօրէն ընկալուի հայրենի ժողովուրդին կողմէ:

Մատնանշումին ներքին տրամաբանութիւնը երբեք չի վերաբերիր նման հզօր նուիրեալներու գաղափարական պատկանելիութեան, որքան անոնց անմնացորդ ու անսակարկ ծառայութեան` հայրենիքին ու ազգին, իրենց  անփոխարինելի ղեկավարի պատասխանատութեամբ եւ գիտակցութեամբ ամրացուած վարքագիծի ընդմէջէն:

Հետեւաբար, զուր տեղ կը փորձուի նսեմացնել ազգային ներշնչանքի ու հպարտութեան արժանացած հայորդիներու կերպարները, եւ կամ զանոնք ստորադասելու` այլոց հաշուոյն: Անոնք ազգին յաւերժ պահապաններ են արդարօրէ՛ն, եւ որեւէ տարակուսանք յիշատակութեան տեսակէտէ,  արժանի է քամահրանքի ու դատապարտանքի:

Արդարեւ,

այս առումով եւ ամէն առիթի, դաշնակցական գրիչն ու միտքը պիտի շարունակեն ազգին սեփականութիւնը դարձնել Արամ Մանուկեանի անժամանցելի պատգամն ու տիպարային բարեմասնութիւնները: Անվարան պիտի անդրադառնանք անոր ցուցաբերած պետական հասունութեան, կազմակերպական տաղանդին, գաղափարական լիարժէք ըմբռնումին, ժողովրդասիրութեան բացառիկ օրինակին, ծառայութեան անգնահատելի ներդրումին, յանդուգն կեցուածքին ու անկոտրում կամքին, որոնցմով ան հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ԱՌԱՍՊԵԼ տիտանն ու Հայաստանի 1918-ի անկախութեան անզուգական կերտիչը:

Փաստօրէն, Արամ Մանուկեանի ճառագայթող մտքին ու արիասիրտ կեցուածքներուն իբրեւ պատասխան, ամբողջ հայութիւնը անվերապահօրէն անսաց անոր կոչին, թեւ ու թիկունք տալով` նետուեցաւ գոյութենական պատերազմի դաշտ եւ յաղթական դուրս գալով կերտեց իր ապրելու հաւատամքը, այլ ժողովուրդներու կողքին:

Իրօք, Արամի շունչով հերոսացած հայութիւնը, 1915-ի արհաւիրքէն ետք առաջին անգամ ըլլալով իր ծոցէն դուրս ժայթքեց արիասիրտ այնպիսի փաղանգներ, որոնք թշնամի ու զազիր թուրքին ցոյց տուին կրանիթեայ կամքի ուժականութիւնն ու յաղթելու հոգեկանութիւնը:

Աւելի՛ն. հայ զինուորականներու, ֆետայական թէ կամաւորական գունդերու սպարապետութիւնը, Արամի ցեղային առանձնայատկութեան եւ կազմաւորումին մէջ կը տեսնէր թշնամիին յաղթելու վճռակամութիւնը, եւ նետուելով կռիւի դաշտ` կ՛երկնէր հայոց պատմութեան վեհափառ սխրանքները:

Իսկ օրուան քաղաքական թէ պետական աւագանին` իր շուրջ ունենալով հայ ժողովուրդի բաղկացուցիչ բոլոր մասերը, անվարան կը յայտարարէր իր հաւատարմութիւնը` ի տես Արամ Մանուկեանի հզօր հեղինակութեան եւ անշահախնդիր մօտեցումին:

Այո՛, ներազգային ճակատին վրայ միակամութեամբ տոգորուած Արամին կը մնար տալ պատմական որոշումը եւ նետուիլ հայ ժողովուրդի մեծագոյն գուպարին մէջ` իր ազգը առաջնորդելով դէպի ստոյգ յաղթանակ:

Միւս կողմէ, 1918-ին թէ անոր կանխող տարիները,  աշխարհաքաղաքական պայմաններու դասաւորումները նուա՞զ վտանգաւոր էին այսօրուան իրավիճակէն, երբ նոյն ազգակործան  ու մեծապետական հաշուարկներ, այս անգամ տարբեր տարազաւորումներու ներքեւ, նմանօրինակ անձնատուական կացութիւններու տարբերակներ հայութեան կը հրամցնեն, կրկին անգամ թուրքին բարբարոսութիւնն ու նենգութիւնը ի շահ իրենց նկրտումներուն ծառայացնելու միտումով, եւ հայ ժողովուրդի մղած արդար պայքարին հարուած տալու ստորնութեամբ:

Արդ, անխուսափելի է Արամի թէ նման տիտաններու համայնական վերարժեւորումը քաղաքական, զինուորական, եկեղեցական, կրթական, ակադեմական ու ժողովրդային մակարդակներու վրայ:

Յայտնապէս այս դժուար օրերուն, երբ հայրենի պետական համակարգը կը դիմագրաւէ թուրքին նենգ ու ստապատիր գործելաոճն ու մեծապետական յորձանուտները, պարզապէս ընկճելու համար Արցախի գոյամարտով մարմնաւորուած հայ ժողովուրդի նորագոյն յաղթանակը, հրամայական պահանջ է վերակենդանացնել Արամներու մեծահոգի կերպարն ու ազգասիրական օրինակը այլ մեծերու կողքին` Ռոստոմի, Նիկոլ Դումանի, Անդրանիկի, Գարեգին Նժդեհի, Դրոյի եւ բազում ասպետներու, որոնց ոգեկան բարձուքին համազօր վարքագիծերու կարօտը կ՛ապրի ազգը համակ:

Թէեւ Շուշիի ծնունդ Արամի պատգամին ընդառաջեց արցախահայութիւնը ազատագրեց դարաւոր հայրենի հողատարածքը եւ տուաւ սրբանուէր նահատակներու հոյլ մը ամբողջ, այդուհանդերձ, Արամի կամքին եւ խորհուրդին ուժականութեան հաւատարիմ սերունդներով կարելի պիտի ըլլայ տէր կանգնիլ պանծալի  յաղթանակներուն եւ պետականութեան:

Այ՛ս է անխուսափելի այլընտրանքային ճանապարհը, որով պիտի կարենանք դիմակայել թրքութեան կողմէ նորովի սադրանքներն ու հայութիւնը հարուածելու անոր նորովի նկրտումները:

 

 

 

Նախորդը

Արամ Մանուկեան

Յաջորդը

Հայաստանի Անկախութեան 95-ամեակ. Պիտի Կառչինք Սարդարապատով Կերտուած Ու Արցախով Ամրագրուած Մեր Արժէքներուն, Կտակներուն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.