Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. «Կոմիտաս Քառեակ»-ի Բարձրորակ Ելոյթը

May 24, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, երէկ` հինգշաբթի, 23 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի «Կոմիտաս քառեակ»-ի բարձրորակ եւ սպասուած ելոյթը` ներկայութեամբ երաժշտասէր մեծաթիւ հանրութեան մը:

Շրջանային վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սիլվա Քիւրքճեան` ըսելով, որ այսօր մենք միասնաբար պիտի ըմբոշխնենք համաշխարհային վարկ ունեցող հայրենի «Կոմիտաս քառեակ»-ի հրեշտակային մեղեդիները: «Վստահ ենք, որ բոլորս անմոռանալի երեկոյ մը ըմբոշխնած ըլլալով, հոգեկան գոհունակութեամբ պիտի բաժնուինք այս սրահէն` մեզի հետ տանելով անմահանուն Կոմիտասին ե՛ւ յաւերժական ներկայութիւնը, ե՛ւ հայաբոյր երաժշտութիւնը, շեշտեց Քիւրքճեան:

Ապա բեմ հրաւիրուեցան «Կոմիտաս Քառեակ»-ի անդամները` գլխաւորութեամբ Եդուարդ Թաթեւոսեանի եւ ընկերակցութեամբ Ալեքսանտր Քոսիմեանի, Սիւզի Երիցեանի եւ Անժելա Սարգսեանի: Ամբողջ մէկ ժամ հանդիսատեսի լուռ ունկնդրութեան հրամցուեցան դասական երաժշտութեան բարձրորակ կատարումներ, քառեակը մասնագիտական կատարելագործուած ձեւով ներկայացուց Հենտըլի «Փասաքալիա»-ն` Ասլամազեանի փոխադրութեամբ, ինչպէս նաեւ Մոցարթի «Մենուէտ»-ը եւ Չայքովսքիի «Անտանդէ Քանթապի Լէ»-ն:

Յայտագիրին երկրորդ բաժինը, որ կ՛ընդգրկէր Կոմիտասեան «Հայկական ժողովրդական մանրանուագներ»-ու շարանը, հոգեհարազատ ձեւով ներկայացուեցաւ եւ յուզումով, հպարտութեամբ եւ մեծ գուրգուրանքով` ընկալուեցաւ ներկաներուն կողմէ: Քառեակը ծափողջոյններու տարափին ներքեւ յաջորդաբար կատարեց «Երկինքն ամպել ա», «Հապրպան», «Ալ Այլուղս», «Գարունա», «Հոյ նազան», «Քելէ, քելէ», «Քելեր ցոլեր», «Շողեր ջան» եւ «Օրօր» նուագները, սակայն եզրափակիչ կտորներու նկատմամբ արտայայտուած գնահատանքին ի տես քառեակը կատարեց նաեւ «Կռունկը», «Վաղարշապատի պարը», եւ «Կաքաւիկ» ստեղծագործութիւնները:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ առաջնորդ սրբազան հայրը` իր սրտին խօսքը փոխանցելու ներկաներուն:

Ան ըսաւ, թէ «հոգեկան վայելքի օր մըն է, որ կ՛ապրինք այսօր «Կոմիտաս քառեակ»-ը հիւրընկալելով Լիբանան: Այս քառեակը, որ յառաջիկայ տարի պիտի թեւակոխէ իր 90-ամեակը, միշտ մնացած է բեմերու վրայ հնչեցնելով բարձրորակ հայ թէ օտար դասական երաժշտութիւն եւ իր մասնագիտական բարձր կատարումներով եղած է մեր ազգային հպարտութիւնը շոյող ազդակ»:

Համազգայինի առաքելութիւնը բարձր գնահատելով` սրբազանը ըսաւ, որ սփիւռքեան այս պայմաններուն մէջ Համազգայինի տարած աշխատանքը իսկապէս խնկարկելի գործ է, որովհետեւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման երաշխիքը իր մշակոյթի պաշտպանման մէջ է եւ այս յաւակնոտ աշխատանքն է, որ այսօր կը կատարէ Համազգայինը: Այս աշխատանքը իր ծաւալով պետութեան մը պարտաւորութիւնն է:

Այս եւ նման երեկոներ կազմակերպելուն համար սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ամենայն աջակցութիւն յայտնեց Համազգային` իր ազգապաշտպան գործին եւ առաքելութեան համար:

Ելոյթը փակուեցաւ յիշատակի լուսանկարներ առնելով եւ հանդիսատեսներուն շնորհաւորութիւնները ընդունելով:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. Է. Իւնեսքոյի «Ճաղատ Սոփրանոն» Թատերախաղի Ներկայացում

Յաջորդը

Նախաձեռնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի 100-ամեակի Կեդրոնական Մարմինի` Խաչքարի Տեղադրում-Բացում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.