Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թերթատելով Պարսկահայոց «Արտազ» Ամսագիրը. Թաւրիզահայ Մամուլը Եւ «Արտազ» (Զ.)

May 22, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Պարսկահայ մամուլի անուններուն մեծ մասը լոյս տեսած է (ու կը տեսնէ) մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ:

Թաւրիզը կու գայ երկրորդ կարգի վրայ ու կը գրաւէ համեստ տեղ մը: Ցարդ 30-ի չափ հայերէն թերթեր կամ պարբերականներ հրատարակուած են այնտեղ, սկսեալ` 1904-էն:

Արդարեւ, թաւրիզահայ անդրանիկ լիիրաւ պարբերականը «Ազդարար Առաջնորդարանի» շաբաթաթերթն է, որ ինչպէս անունն իսկ կը յուշէ արդէն, Ատրպատականի թեմին պաշտօնական հրատարակութիւնը եղած է: Ունեցած է կարճատեւ կեանք մը, 1904-1905: Խմբագիր` Մաշթոց վրդ. Փափազեան (Արմաշու դպրեվանքին անդրանիկ շրջանաւարտներէն, հետագային` կարգաթող եւ Մեծ եղեռնի զոհ):

Ուրիշ անուններ են «Առաւօտ» շաբաթաթերթը (1909-1911, խմբ.` Հայրապետ Պանիրեան եւ Յովսէփ Յովհաննիսեան), առաջնորդարանի «Թաւրիզի Յայտարարութիւններ» պարբերականը (1910-1912), «Ղարադաղ» պատկերազարդ ամսաթերթը (1912-1914), «Այգ» լրագիրը (1914-1922, խմբ.` Մկրտիչ Սահակեան եւ Գասպար Յակոբեան), «Մինարեթ» շաբաթաթերթը (1919-1921) եւ այլն: Ինչպէս կը տեսնուի, բոլորն ալ` կարճատեւ եւ իրարու ժամանակակից: Ու բոլորին ալ տպագրութիւնը` Ատրպատականի թեմական տպարանին մէջ, որ ըստ Թէոդիկի «Տիպ ու տառ»-ին, հաստատուած էր ու կը բանէր 1903-էն ի վեր` իբրեւ իր տեսակին մէջ միակը:

Վերոյիշեալ բոլոր անուններուն քովն ի վեր կայ տակաւին 4 էջանի «Զանգ» շաբաթաթերթը, որ կը հանդիսանայ թաւրիզահայ մամուլին ամէնէն երկարակեացը: Լոյս տեսած է 1910-1922` իբրեւ Հնչակեան կուսակցութեան տեղական օրկանը: Անոր զոյգ խմբագիրները եղած են Ալեքսանդր Տէր Վարդանեան եւ Վ. Մարսեան (Վահան Ղուկասեան):

* * *

Ու հիմա մտնենք «Արտազ»-ի դաշտը…

Ձեռքի տակ ունինք այս ժամանակակից ամսագրին վերջին վեց թիւերը, հոկտեմբեր 2012-մարտ 2013:

Իբրեւ Ատրպատականի հայոց թեմի պաշտօնաթերթ` «Արտազ» առաւելաբար լրատու պարբերական մըն է: Մասնաւոր յօդուածներ չեն երեւիր անոր էջերուն վրայ, ինչպէս չեն երեւիր յօդուածագիրներու կամ խմբագիրի ստորագրութիւններ ալ, առհասարակ: Ատոր փոխարէն` ամբողջ ամսագիրը լրատուական միաձոյլ ամբողջութիւն մըն է, որուն մէջ այս փոքրաթիւ, բայց ընդարձակ թեմին եկեղեցական, համայնքային, մշակութային եւ կրթական կեանքին բազկերակը կը բռնէք` կենդանի ու գունաւոր պատկերներով:

«Արտազ»-ի էջերը կը տարուբերին 16-32-ի միջեւ:

Իւրաքանչիւր թիւ կը բացուի «Խմբագրական»-ով մը, որուն կը յաջորդեն լրատուական սիւնակները` ընթերցողը տանելով Թաւրիզէն Ուրմիա եւ Սալմաստ ու մինչեւ հեռաւոր կամ յաճախ անծանօթ վայրեր ալ, որոնց մասին մենք` արտասահմանի հայերս, դոյզն գաղափար անգամ չունինք:

Արդէն, պէտք է խոստովանիլ, որ Թաւրիզ սփիւռքահայ աշխարհագրութեան վրայ ինքնամփոփ, քիչ մը մեկուսացեալ գաղութ մըն է: Ճիշդ է որ Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթը պարբերաբար տեղեկութիւններ կը հաղորդէ հիւսիսային Իրանի այս քաղաքին հայութեան մասին, այնուհանդերձ, ատիկա բաւականաչափ արձագանգ չի գտներ կարծէք հայկական ընդհանրական մամուլին մէջ: «Արտազ», այս իմաստով, կը կատարէ յոյժ գնահատելի դեր մը` թէ՛ ցոլարան մը հանդիսանալով Ատրպատականի հայ կեանքին, թէ՛ ալ ատոր արձագանգը համացանցային արագ ու ազդու միջոցով հասցնելով արտասահման:

«Արտազ»-ի  թերթատումը մեզ գիտակ կը դարձնէ այն իրողութեան, որ ներկայիս Ատրպատականի թեմին տարածքին հայաշատ կամ հայաբնակ մնացեր են լոկ երկու քաղաքներ` Թաւրիզն ու Ուրմիան:

Ճշգրտօրէն չենք գիտեր, թէ ի՛նչ թիւ կը ներկայացնէ հայութիւնը այնտեղ:

Վարդան եպս. Տեմիրճեանի տուեալներով, բովանդակ Ատրպատականի հայութեան թիւը 1960-ականներու վերջերը կը հասնէր 20 հազարի, իսկ տասը տարի յետոյ այդ թիւը կծկուած էր արդէն 7000-ի շուրջ: Ու եթէ հաւատանք «Հայ սփիւռք» հանրագիտարանին (Երեւան, 2003), ապա Թաւրիզի հայութեան թիւը 1977-ի 6000-էն շեշտակի անկում կրեր էր յաջորդ տասնամեակներուն ու 2003-ին մնացեր էր շուրջ 2000 հոգի:

Ամէն պարագայի, ի՛նչ ալ ըլլայ Ատրպատականի հայութեան թուային այժմու պատկերը, կը կարծենք, որ ան կը շարունակէ պահպանել իր աւանդական անեղծ դիմագիծը` ըստ կարելւոյն կանգուն ու առողջ պահելով այն բոլոր յենարանները, որոնք հարկաւոր են իրեն հայապահպանութեան սրբազան գործին մէջ:

Դեռ առ այսօր Թաւրիզի մէջ կը գործեն Ազգ. Սահակեան-Թամարեան դպրոցը, ՀՕՄ-ը` իր «Ծերունի Գասպարեան» մանկապարտէզով ու մանկանց երգչախումբով, Ղալա թաղամասի (Բերդաթաղ) Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցին (1782 թ.), Լիլաւա թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցին (1845 թ.), «Կոմիտաս» երգչախումբը (խմբավար` Վարդան Վահրամեան), «Ալիք» հաստատութեան մասնաճիւղը, Արարատ կազմակերպութեան մասնաճիւղը, Հայ համալսարանականների միութիւնը եւ թերեւս այլ մարմիններ ալ, որոնց շուրջ համախմբուած կը մնայ գաղութը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Իսկ Ուրմիոյ մէջ կը գործեն Ս. Ստեփանոս եկեղեցին (ԺԸ. դարէն) եւ Ազգ. դպրոցը (տեսչուհի` Ատրինէ Մեջլումեան): Կայ նաեւ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղ մը, որ կը պահէ սեփական մանկապարտէզ:

«Արտազ»-ի էջերը ցոյց կու տան մեզի, թէ համայնքին եկեղեցական ու ազգային կեանքը կ՛ընթանայ բնականոն կշռոյթով: Կրօնական տաղաւար տօները դեռ բազմութիւններ կը համախմբեն եկեղեցիներու մէջ, հերթաբար կը սարքուին մշակութային եւ ընկերային ձեռնարկներ:

Օրինակ, անցեալ տարուան հոկտեմբեր 12-ին Թաւրիզի մէջ մշակութային բազմամարդ հանդիսութեամբ մը նշուեր է Թարգմանչաց տօնը: Հայկական վարժարանի աշակերտները լայն մասնակցութիւն բերեր են հանդիսութեան: Բանախօսեր է Ազգ. դպրոցի տեսչուհի Արմինէ Վահրամեան: Ձեռնարկի ընթացքին նուէրներ բաշխուեր են հայերէնի դասերուն մէջ առաջնակարգ ուսանողներուն: Իսկ առաջնորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան շեշտը դրեր է գաղութին հայաբոյր դիմագիծին վրայ. «Հայ դպրոցն է, որ կենսունակ է պահում մի գաղութի կեանքը,- ըսեր է ան: – Հայ դպրոցով ապահովւում է մի թեմի, գաղութի, հայ հաւաքականութեան ապագան: Առանց հայ դպրոցի` մութ է մեր ազգային կեանքը ու խաւար: Հայ ժողովրդի ու հայ մշակոյթի յաւերժացման ուղին հայ դպրոցից է անցնում: Այս երեխէքը, այսօր թոթովող, երաշխիք են մեզ համար: Հոգ չէ թէ փոքրաթիւ ենք քանակով, սակայն որակով շատ աւելի բարձր, քան` մեծաթիւ դպրոցների աշակերտութիւնը: Մեր աշակերտների ասմունքը, երգը, արտասանած խօսքը, հաւաստիացնում են մեզ, թէ որակը բարձր է մեր դպրոցում»:

Նոյեմբեր 20-ին Ազգ. Սահակեան-Թամարեան դպրոցի գրադարանին մէջ բացումը կատարուեր է նորատիպ հրատարակութիւններու ցուցահանդէսի մը:

Դեկտեմբեր 24-ին ալ Ազգ. առաջնորդարանի սրահին մէջ բացուեր է թեմին մէջ պահպանուող ձեռագիր մատեաններու եւ հազուագիւտ հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէս մը` ի նշանաւորումն «Հայ գիրքի տարի»-ին: Այստեղ, ի միջի այլոց, ցուցադրուեր է նաեւ Թաւրիզի թեմական հին տպարանին ոտքով բանող մամուլը:

25 յունուար 2013-ին ՀՕՄ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղը կազմակերպեր է «Սիրոյ երգերու համերգ» մը` յայտագրին մէջ ընդգրկելով հին ու նոր բազմաթիւ երգեր: Գլխաւոր մենակատարներն եղած են Նարինէ Սայադեան եւ Յովիկ Ղուկասեան:

Փետրուար 7-ին թէ՛ Թաւրիզի եւ թէ՛ Ուրմիոյ մէջ եկեղեցական ու աշխարհիկ ձեռնարկներով ոգեկոչուեր է Վարդանանց յիշատակը:

Փետրուար 9-ին «Արարատ» կազմակերպութիւնը խրախճանք սարքեր է Բարեկենդանի առիթով:

Մարտ 6-ին կայացեր է միջինքի աւանդական հաւաքոյթ մը` կազմակերպութեամբ Թաւրիզի Եկեղեցիներու խնամակալ մարմինին: Նոյն առիթով հաւաքոյթներ սարքուեր են Ազգ. վարժարանին ու առաջնորդարանին մէջ ալ:

Մարտ 15-ին «Արարատ» կազմակերպութիւնը ձեռարուեստի, քաղցրեղէններու եւ խմորեղէններու տօնավաճառ մը բացեր է Զատկուան առիթով: Եւ այսպէս` շարունակաբար…

Ինչ կը վերաբերի զուտ եկեղեցական կեանքին, «Արտազ»-ի էջերը գունաւոր նկարներով ու մանրամասն լրատուութիւններով շատ յստակ պատկեր մը կը գծեն արդէն ի մասին այն աւանդապաշտ ու կարգապահ ոգիին, որով կը յատկանշուին Ատրպատականի հայոց Ս. Ծնունդն ու Տեառնընդառաջը, Աւագ շաբաթն ու Ս. Զատիկը, Ս. Յակոբայ եւ Ս. Սարգիսի տօները, Վարդանանցը…

Նկատելի է սակայն, որ թեմը կը տառապի հոգեւորականներու պակասէ: Առաջնորդանիստ Թաւրիզի մէջ, օրինակ, Չիֆթճեան վարդապետ բոլորովին միայնակ է, չունի օգնական քահանայ մը իսկ: Հետեւաբար, ամէն առթիւ ամէն տեսակ ծիսակատարութիւն, խորհրդակատարութիւն եւ պատարագ ի՛նք է, որ կ՛ընէ առանձինն… Այնպէս կը թուի (դատելով «Արտազ»-ի էջերէն), որ թեմին միակ քահանան  Ներսէս քհնյ. Պասիլեանն է, որ կը պաշտօնավարէ Ուրմիոյ մէջ` իբրեւ տեղւոյն եւ շրջակայից հոգեւոր հովիւը:

Աւետարանական բնորոշումով` «Հունձքն առատ է եւ մշակները սակաւ»…

* * *

Իսկապէս հունձքը առատ է Ատրպատականի թեմէն ներս:

Հոս նկատի չունինք համայնքին թուաքանակը, այլ` այն մեծաթիւ (աւելի քան 250) հայկական հնամենի եկեղեցիները, վանքերը, մատուռներն ու ուխտատեղիները, որոնք ցանցնուած են թեմին երբեմնի հայաշատ  քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ, նոյնիսկ` սարալանջերու կամ դաշտերու վրայ: Անոնց ցանկագրումն անգամ ճիգ ու գործ կը պահանջէ: Բան մը, որ բարեբախտաբար կատարեր է Տեմիրճեան սրբազան «Հասկ»-ի մէջ, 1967-ին:

Այս կոթողներուն հետ ամէն շփում մեր մօտիկ կամ հեռաւոր պատմութեան հետ սքանչելի հաղորդութեան առիթ է:

Առաջնորդ Չիֆթճեան վարդապետ մեզի ուղղեալ անձնական նամակի մը մէջ կը յայտնէր, որ այդ աղօթատեղիները «ամէնօրեայ խնամքի, ուշադրութեան եւ այցելութեան կը կարօտին: Հայաթափուած շրջաններուն մէջ, յատկապէս, հսկայ կալուածներ եւ հողային տարածութիւններ ունինք, որոնց վարձակալական խնդիրները կամ առուծախի հարցերը մեր օրակարգի ամէնօրեայ նիւթերն են»:

Հարցումը, որ կրնայ յաճախել մեր միտքը, հետեւեալն է.

– Թաւրիզահայութիւնը իր այժմու նկուն ուժերով եւ սահմանափակ կարելիութիւններով որքանո՞վ կրնայ տէր կանգնիլ իր պատմական ժառանգութիւններուն` այն բազմատասնեակ դարաւոր կոթողներուն, որոնք վերջին լուռ վկաներն են կարծէք հայկական Ատրպատականին:

Թերեւս ամբողջ իրանահայութեան ուժերէ՛ն ալ վեր է 250 եկեղեցիի կամ մատուռի լիարժէք յանձանձումը, պահպանումը, վերականգնումն ու վերապրումը: Ու կը կարծենք, որ այս հարցին մէջ շատ բարերար կրնայ ըլլալ օժանդակութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան մարմիններուն, եթէ անշուշտ խելացի ու գործնական ծրագիր մը կեանքի կոչուի այս առնչութեամբ, մանաւանդ որ Ատրպատականը սահմանակից է Հայաստանին, իսկ Իրանի հետ ալ միջպետական յարաբերութիւնները ջերմ ու եղբայրական են…

Բայց ամէն բանէ առաջ` նախ պէտք է ճանչնալ այդ ժառանգութիւնը:

«Արտազ»-ի էջերուն մէջ, ահաւասիկ, ա՛յդ է, որ կը կատարուի:

Արդարեւ, ամսագրին ամէնէն շահեկան ու հետաքրքրական թերթօնը «Մեր ժառանգութեանց հետքերով» խորագրեալ սիւնակն է, ուր կը նկարագրուի առաջնորդ Չիֆթճեան վարդապետին եւ իր ընկերակիցներուն հերթական այցելութիւնները դէպի թեմին հայաթափուած գիւղերն ու քաղաքները: Այս այցելութիւնները կը կրեն թէ՛ քննական նկարագիր, թէ՛ ալ ուխտագնացութեան բնոյթ: Իսկ մեզի` ընթերցողներուս համար ատոնք պատմութեան հրաշալի դասընթացք մըն են:

 

 [email protected]

Հալէպ

(Շար. 5)

Նախորդը

«Ճիգ Պիտի Չխնայենք Պետական Պատասխանատուներուն Զգացնելու, Որ Մեր Այսօրուան Շարժումին Նպատակը Լիբանանը Բարգաւաճած Տեսնելն Է» «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սօսի Փօլատեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. «Ֆայնըլ-Ֆոր»-ի Մրցումներուն Մասնակցող Օտարականները

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.