Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարան. Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն. Հաղորդագրութիւն

May 21, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայկական Անդրսահմանային Տարածականութիւնը
Եւ Արդի Հաղորդակցական Միջոցները» Գիտաժողովը
Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի «Հայկական անդրսահմանային տարածականութիւնը եւ արդի հաղորդակցական միջոցները, գիտաժողովը յաջողութեամբ աւարտեց իր աշխատանքները:

Արդարեւ, 15 մայիս 2013-ի երեկոյեան պաշտօնական բացումէն ետք, յաջորդող երկու օրերուն` 16 եւ 17 մայիս 2013-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ գիտաժողովը գումարեց չորս նիստեր` 14 զեկուցումներով: Ընդհանուր առմամբ եղան քսաներկու ելոյթներ` իբրեւ ներածական խօսք, արժեւորում, զեկուցում եւ գիտական ուսումնասիրութիւններ:

Ներկայացուած նիւթերն էին` վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան` «Հայկական համացանցումի խնդիրներ. Կորիզ, լեզու, նպատակներ», Վաչէ Բրուտեան` «ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւները. կատարուած աշխատանքներ, հեռանկարներ», դոկտ. Վահէ Թաշճեան` «Յիշողութիւն, ցանց եւ համացանց. Յուշամատեան կայքէջին փորձառութիւնը», Հիլտա Չոպոյեան-Սապունճեան` «Եւրոպահայ քաղաքական համայնքի ստեղծումը եւ զարգացման հեռանկարները», Վաղինակ Վարդանեան` «Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնում տեղեկատուական արհեստագիտութեամբ իրականացուող ծրագրերը եւ դրանց դերը Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնում», Վարանդ վրդ. Քորթմոսեան` «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաղորդակցական ցանցը», Արթուն Համալեան` «ՀԲԸ Միութեան կրթական համակարգը եւ հեռաւոր քոլեճի ծրագիրը», դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան` «Հաղորդակցական իւրօրինակ ցանց մը 1940-80-ականներուն. Սիմոն Սիմոնեան եւ հայերէն դասագիրքերը», Յարութ Սասունեան` «Ամերիկայի Միացեալ հայկական հիմնադրամի մարդասիրական արդիւնաւէտ օժանդակութիւնը Հայաստանին` առանց օգտագործելու արդիական հաղորդակցութեան միջոցներ», Արթուր Բախտամեան` «Հայկական հեռատեսիլի տեղապտոյտը», դոկտ. Արմէն Իւրնեշլեան` «Մշակոյթի հաղորդակցական ուժը. ԳՈՀԱՐ համոյթի փորձը», երիտասարդ խմբակ` Պետրոս Թորոսեան, Վահագն Քէշիշեան, Եղիկ Թաշճեան, Րաֆֆի Չիլինկիրեան` «Հայ երիտասարդներու պլոկներ եւ ընկերային հաղորդակցման այլ միջոցներ. մեր փորձը», Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինին փորձը», դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան` «Հայագիտութեան ներկայացուածութեան հիմնախնդիրները համացանցում»:

Ներկայացուած նիւթերը քննեցին հայկական անդրսահմանային տարածականութեան ծիրին համար օգտագործուող հաղորդակցական դասական-աւանդական թէ նորագոյն միջոցները, անոնց արդիւնաւէտութիւնը, դիմագրաւած դժուարութիւնները, խոչընդոտները:

Զեկուցողները բացայայտեցին հայկական տարբեր նիւթերու` Հայ դատի, կրթութեան, հայագիտութեան, եկեղեցական հաղորդակցութեան, երիտասարդական խմբաւորումներու, բարեսիրական գործունէութեան, դրամահաւաքի, Հայաստանի Հանրապետութեան պատկերի (իմեճ), նախաեղեռնեան օսմանեան հայութեան առօրեայի վերականգնումի, հայկական հեռատեսիլի, մշակոյթի, դասագիրքերու, արխիւային նիւթերու հաւաքումի եւ նման այլ ձեռնարկներու համար օգտագործուող հաղորդակցական միջոցները եւ ռազմավարութիւնը:

Ազատ, անմիջական, երկար եւ խորունկ քննարկումներու եւ վերլուծումներու ընդմէջէն պարզուեցան վերոյիշեալ կալուածներու իւրայատկութիւնները, ընդհանրութիւնները, փոխգործակցութեան գործնական կարելիութիւնները:

Գիտաժողովի ամբողջ ընթացքին մնայուն հարցադրում դարձան ներհայկական հաղորդակցական նիւթերը եւ այն շարժառիթները, որոնք կը մղեն ներհայկական հաղորդակցութեան: Ի յայտ եկաւ, որ տակաւին շատ նիւթեր ու պարագաներ հայութիւնը իրար կը միացնեն եւ կը շաղկապեն:

Մասնակիցները լաւապէս կը տիրապետէին իրենց արծարծած նիւթերուն, մանաւանդ որ անոնք այդ նիւթերու երկարամեայ փորձառութիւնը ունէին: Այդ առումով, գիտաժողովը կարեւոր մէկտեղում մը եղաւ փորձագէտներու եւ մասնագէտներու, որոնք համադրեցին ամէնօրեայ փորձը գիտական վերլուծութեան հետ:

Յատկանշական այլ երեւոյթ մըն էր մասնակցութիւնը Հայկազեան համալսարանի ուսանողներու եւ շրջանաւարտներու, որոնք իրենց փորձառութիւնը կիսեցին մասնակիցներուն հետ: Այս առումով, անհրաժեշտութիւն նկատուեցաւ թէ՛ սերնդափոխութեան, թէ՛ միջոցներու որդեգրման եւ թէ՛  մօտեցումներու-մեթոտներու երեւոյթները:

Յառաջիկայ տարուան գիտաժողովի նիւթ որոշուած է «Հայերը Լիբանանի մէջ» թեման:  Ծրագրային նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են այս առնչութեամբ:

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

 

 

Նախորդը

Դիմադրութեան Եւ Ազատագրութեան Տօնին Առիթով. Այսօր Կը Սկսի Ամալ Շարժումի Տարեկան 2-րդ Մրցաշարքը

Յաջորդը

Ակնարկ. Նոր Օսմանական Գաղափարախօսութենէն Ծնունդ Առած Սրբագրական Աշխատանքի Ծրագիր Մը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.