Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԵԸ-Ի «ԱՆԴՐԱՆԻԿ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ԿԵՐՊՈՎ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ «ՅԱՒԵՐԺԻ ՃԱՄԲՈՐԴԸ» ՊԱՐԱՅԻՆ ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

May 21, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պարային բեմադրութենէն տեսարան մը

Հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովին, կազմակերպութեամբ պարախումբի վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 20 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» պարախումբի պարային բեմադրութիւնը:

Պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Գայեանէ Մածունեանի եւ Վարդան Մկրտիչեանի միացեալ ու համահունչ աշխատանքներով հանդիսատեսին ներկայացուեցաւ «Յաւերժի ճամբորդը» խորագիրը կրող եւ տարբեր պատկերներ համախմբող ներկայացումը:

Տարբեր տարիքի տղաք ու աղջիկներ ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ` ներկայացնելով հայկական եւ օտար պարեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրին նախորդած ընթերցումներով վեր կ՛առնուէին պարին նիւթը, մթնոլորտը եւ հոն ամփոփուած նկարագրային գիծերը, որոնք ընդհանրապէս յատուկ են հայուն: «Յաւերժի ճամբորդը» հայն է, որ նոյնիսկ երբ կայք հաստատած է տուեալ երկրի մը մէջ, անոր հոգին մնացած է անվերջ ճամբորդ. ներկայացուած պարերուն ընդմէջէն արտայայտուած այս միտքը կը համալրուէր պատմողին` Արփի Աւետիքեանի եւ բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանի կողմէ կատարուող մէջբերումներով եւ ընթերցումներով, որոնք հատուածներ էին Վահէ Օշականի, Դանիէլ Վարուժանի, Խաչիկ Տէտէեանի, Ռուբէն Սեւակի եւ Համաստեղի գործերէն:

Առաջին բաժինով պարախումբի անդամները ներկայացուցին «Նռենի», «Կախարդուած ծաղիկներ», «Յունական պար», «Էլեգիա», «Ալվան վարդեր», «Գնչուական», «Պույ-պույ մկնիկ», «Նոր եարխուշտա» խորագիրները կրող պարային-բեմադրութիւններ: Երկրորդ բաժինի պարերն էին` «Նարինէ», «Քոչարի», «Հայի աչքեր», «Չոպանի շուն», «Սիրոյ մեղեդի», «Հով արէք», զոր հմայիչ ներկայացուց պարուսոյց Գայեանէ Մածունեան, «Մետաքսի շուկան». յայտագիրը իր աւարտին հասաւ ազգագրական պարերու շարանով մը, որուն մասնակցեցան նաեւ «Անդրանիկ» պարախումբի վեթերան պարողները, բոլոր պարողները, պարուսոյցը, բեմադրիչը եւ պարախումբի յանձնախումբի անդամները: Այս աւարտով սրահին մէջ տիրեց խանդավառ մթնոլորտ, երբ բեմը լեցուեցաւ տարբեր տարազներ կրող պարողներով:

Տարբեր նիւթեր, պատկերներ, միջավայրեր համադրող եւ տպաւորիչ կերպով հանդիսատեսին հրամցնող այս պարային-բեմադրութեամբ տարբեր տարիքի հայ տղաք ու աղջիկներ հաստատեցին, որ իրենք կառչած են իրենց մշակութային արժէքներուն եւ շարունակողն են իրենց նախորդներու ուղիին:

Նախորդը

«ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐՈՒԱՆ» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՎ ԵԼՈՅԹ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱԿԻ

Յաջորդը

ԽՄԲԱՎԱՐԻՆ ԽՕՍՔԸ. ՀՈՍԱՆՔՆ Ի ՎԵՐ…

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.