
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ խստիւ դատապարտեց Հերմելը հրթիռներու թիրախ դարձնելը, որուն պատճառով վիրաւորուած են կարգ մը լիբանանցիներ:
Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ տագնապի կողմերը պէտք է յարգեն Լիբանանի ազգային գերիշխանութիւնը եւ լիբանանեան սահմանամերձ շրջանները չէզոք պահեն իրենց հրթիռներէն ու զինուորական գործողութիւններէն:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման դատապարտեց Լիբանանի վերեւ իսրայէլեան օդուժին գործած թռիչքները` հաստատելով, որ այդ թռիչքներն ու կեղծ յարձակումները լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ են, ինչպէս նաեւ կը խախտեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը` փորձելով խանգարել հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:
Միւս կողմէ, նշենք, որ շաբաթավերջին նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին գործադրութեան միջոցները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Սեփական վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Նաամէ Մահֆուտի:
Քննարկուեցան սենտիքայի գործունէութեան վերաբերող հարցեր:


