Երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին Թահուիթայի «Բժիշկին տունը» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցան բժիշկներու սենտիքայի ընտրութիւնները, որոնց հիմնական մրցակիցները դարձան Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն թեկնածուները:
Մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00 տեւած ընտրութիւններուն աւարտին թէ՛ Պէյրութի եւ թէ՛ Հիւսիսային Լիբանանի պարագային յաղթանակ արձանագրեցին Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն թեկնածուները:
Պէյրութի բժիշկներու սենտիքային պարագային Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու թեկնածու Անթուան Լութֆալլա Պուսթանի դարձաւ սենտիքայի նախագահ` 15 քուէի տարբերութեամբ պարտութեան մատնելով Ղասսան Սքաֆը, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն թեկնածուն էր:
Հիւսիսային Լիբանանի բժիշկներու սենտիքային պարագային Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու թեկնածու Էլի Հապիպ 330 քուէով ընտրուեցաւ սենտիքայի նախագահ, մինչ իր մրցակիցը` Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու թեկնածու Ռոլան Թաննուս ստացաւ 286 քուէ:


