Երէկ Սան Անթոնիօ Սփըրզ ապահովեց Արեւմտեան շրջանի աւարտականի իր տոմսը, երբ Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, 94-82 արդիւնքով յաղթեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի եւ 4-2 արդիւնքով յառաջացաւ անոր վրայ:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Թիմ Տանքըն նշանակեց 19 կէտ:
Նիւ Եորք Նիքս 85-75 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ինտիանա Փէյսըրզի, յաջողեցաւ արդիւնքը կրճատել (3-2):
Քարմելօ Անթոնի (Նիքս) նշանակեց 28 կէտ:
Այսօր մրցում չկայ: Անոնց միջեւ 6-րդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի օր` Ինտիանայի մէջ:


