Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐՁՔԴ ԿԱՏԱՐ

May 21, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քառասուն օրեր անցան այն տխուր օրէն, երբ ստացանք մահուանդ բօթը: Անակնկալ եւ անսպասելի էր բոլորիս համար: Տակաւին մէկ տարի առաջ այցելած էիր Լիբանան եւ քու սիրած ու պաշտպանած Պուրճ Համուտի թաղերէն անցնելով` բոլորին կարօտը առած էիր: Այդ իրիկուն Սարդարապատ ակումբի ընկերներդ երբ ակումբ մտան, վստահ պահ մը մտաբերեցին քու յաղթանդամ ու ժպտուն ներկայութիւնդ:

Ժամանակը այնքան արագ կ՛անցնի, արժէքները այդքան շուտ կը փոխուին, սակայն մեր իրականութեան մէջ կայ երեւոյթ մը, որ տակաւին չի փոխուիր: Ակումբ հասկացողութիւնը մարդակերտումի եւ հայակերտումի բաց դպրոցն է, որ իւրաքանչիւր հայ անհատ նոյնիսկ եթէ իր կեանքի մէկ հանգրուանը անցուցած է, անիկա անպայման ամբողջ իր կեանքի հոլովոյթին եւ աճման վրայ ազդեցութիւն կ՛ունենայ:

Այսօր եթէ Սարդարապատ ակումբ ըսենք անպայման կը յիշենք Խաչիկ Արապեանը, Յարութ Թենքէրեանը, Խաչիկ Պասմաճեանը եւ ուրիշներ: Աւօ Բորբոսեանը իրենց շուքին տակ մեծցած նոյն նուիրուածութեամբ եւ նոյն անձնական զոհողութիւններով օժտուած ընկեր մըն էր: Միշտ ներկայ եղած է` ապահով եւ անապահով պայմաններու մէջ, քաջ եւ խիզախ կեցուածքներով` ժպիտը դէմքին ընկերային եւ անմիջական խառնուածքով:

Հիմա ակամայ բաժնուած ես քու սիրելի ընտանիքէն ու մեզմէ եւ հեռուն մարմինդ յանձնուած է ցուրտ հողին: Հայրենիքէն հեռու, հայրենիքի երազով ապրած եւ պատրաստած սերունդներու տեսլականի տէրը ալ թող հանգիստ ննջէ:

Հանգիստ, որովհետեւ մեր երազած եռագոյնը կը ծածանի Հայաստանի վրայ:

Հանգիստ, որովհետեւ Պուրճ Համուտը եւ քու ակումբդ ապահով ձեռքերու մէջ է:

Հանգիստ, որովհետեւ զաւակներդ ու եղբօրդ ու քրոջդ զաւակները քու օրինակովդ կը շարունակեն քու ճամբադ:

Մենք ալ մեր կարգին քառասուն օրեր առաջ թաղման կարգ ըրինք քու սիրած Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, հոն էին քու հարազատներդ, գաղափարի ընկերներդ, թաղեցիները, հոն էին, բոլորը,: Եւ քու խօսուն նկարդ մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ` բաժնուեցանք եկեղեցիէն:

Հողը թեթեւ գայ վրադ եւ վարձքդ կատար:

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Նախորդը

ՍԻՐԵԼԻ ՀՕՐԵՂԲՕՐՍ ԱՒՕ ԲՈՐԲՈՍԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Յաջորդը

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԵՐՄԻՆԷ ՓԵՐՏԵՃԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.